2016-03-15 09:56:00

Քեսապի մէջ պիտի բացուի երեք տեղահանութիւններուն նուիրուած յուշակոթող


Մարտ 20-ին Սուրիոյ հայաշատ Քեսապ գիւղին մէջ, «Սուրբ Միքայէլ» կաթողիկէ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ պիտի բացուի յուշակոթող` նուիրուած Քեսապի երեք տեղահանութիւններուն (1909,1915, 2014 թուականներ): Այս մասին կը տեղեկանանք Քեսապի «Սուրբ Միքայէլ» կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ, հոգեւոր հովիւ Հայր Նարեկ վարդապետ Լուիսեանի Դիմատետրի էջէն:

Բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պատարագի աւարտէն ետք:

Աւելցնենք նաեւ, որ Մարտ 21-ին կը լրանայ զինեալ ահաբեկիչներու կողմէ Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերու գրաւման երկրորդ տարին:








All the contents on this site are copyrighted ©.