2016-03-15 09:46:00

Ռուսիա այսօր կը սկսի իր ուժերուն «հիմնական բաժինը» հեռացնելու Սուրիայէն


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրամայեց ռուսական ուժերու «հիմնական բաժինը» Սուրիայէն հեռացնելու` նշելով, որ անոնք մեծաւ մասամբ իրագործած են ճշդուած նպատակները: Ռուսական ուժերու հեռացումը պիտի սկսի այսօր:

Քրեմլին յայտնեց, որ Փութին ռուսական ուժերու «հիմնական բաժին»¬ի Սուրիայէն հեռացնելու հարցը համակարգած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին: Ան Ասատին յայտնած է, որ Հմայմիմ օդուժի եւ Թարթուսի ծովուժի ռազմակայանները պիտի շարունակեն գործել բնականոն կերպով:

Քրեմլին նշեց, որ որոշումը տրուած է Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերու զինուորական գործողութեան նպատակներուն` ահաբեկչութիւնը պարտութեան մատնելէ եւ Սուրիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթի նախաձեռնումէն ետք:

Սուրիոյ նախագահական պալատը հաստատեց լուրը` նշելով, որ Փութին եւ Ասատ համաձայնութիւն գոյացուցած են ռուսական ուժերու նուազեցման շուրջ:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ Փութինի որոշումը անակնկալի մատնած է աշխարհի երկիրները, ներառեալ` Իսրայէլը:








All the contents on this site are copyrighted ©.