2016-03-15 09:27:00

Զմմառու մէջ Լիբանանի ընդհանուր մեծաւորներու հանդիպում


Երկուշաբթի 14 Մարտ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Զմմառու Ս. Տիրամօր վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի տարածքին գտնուող կաթողիկէ վանքերու ընդհանուր մեծաւորներու խորհրդակացական հանդիպում, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ եպիսկոպոս վանահայրեր և կրօնաւորական հաստատութիւններու աբբահայրեր: Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Փոխանորդ և Զմմառու վանքի Մեծաւոր՝ Գերպծ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան ընդունեց Մեծաւոր Հայրերը «Արծիւեան» ժողովասրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ խորհրդակացական հանդիպումը: Մեծաւոր Հայրը բարի գալուստի խօսք արտասանեց և ողջունեց ներկաները: Սոյն խորհրդաժողովը նուիրուած էր Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին հռչակած «Ողորմութեան Տարիի» գաղափարին: Հանդիպումի աւարտին՝ Մեծաւորները առաջադրեցին լաւագոյնս իրագործել ողորմութեան գաղափարը, ողորմութեան ձեռնարկներ և գործեր մշակելով: 
Կէսօրին՝ Զմմառու վանքի մէջ, Աբբահայրերը հաւաքուեցան ճաշի սեղանի շուրջ եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ: Այնուհետեւ Զմմառու վանքի Մեծաւոր Հօր առաջնորդութեամբ յարգոյ հիւրերը այցելեցին Երանելի Մալոյեանի նուիրուած ամփիթատրոնը: Անոնք խորապէս յուզուած՝ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին այս տարուած աշխատանքին համար, մանաւանդ որ անոր շինութեան նախաձեռնութիւնը սկսած էր Հայոց Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.