2016-03-14 14:13:00

Ֆրանսայի Դեսպանը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան


Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էմմանուէլ Պոն այսօր, 14 մարտի կէսօրին այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր  Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ։ Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի թեմի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Հայր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան, արհի.  Գէորգ արք. Խազումեան, արհի. Մանուէլ  եպիսկ. Պաթագեան, Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ Տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան։

Դեսպանին՝ Լիբանանի մէջ պաշտօնակոչումէն ի վեր  Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան անդրանիկ այցելութիւնը ըլլալով, ասիկա առաւելաբար քաղաքավարական եւ փոխադարձ ծանօթացման առիթ մը եղաւ։ Ակնարկութիւն կատարուեցաւ մասնաւորաբար Լիբանան֊-Ֆրանսա պատմական յարաբերութիւններուն։

 Այնուհետեւ խօսակցութիւնը շօշափեց  Լիբանանի ներքին կեանքին առնչուող ընդհանուր խնդիրներ, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները եւ ասոնց ողբերգական հետեւանքները, մասնաւորաբար քրիստոնեաներուն ծանրակշիռ վիճակը, որ  զիրենք գաղթելու ստիպողութեան առջեւ կը դնէ։ Զինեալ միջամտութիւններու միջոցաւ ստեղծուած տագնապալի վիճակին լուծումներ պարտադրելու փորձերը ապարդիւն եւ վնասակար նկատելով, շեշտուեցաւ  երկխօսութեան կարեւորութիւնը խաղաղութեան եւ կայունութեան վերահաստատումին համար։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտեց Լիբանանի խաղաղասէր եւ համերաշխ գոյակցութեան դիմագիծը, որ միշտ օրինակելի նկատուած է, եւ զայն ամէն գնով պահպանելու հրամայականը։

Փոխադարձ բարեմաղթանքներով՝  Ֆրանսայի դեսպանը հրաժեշտ առաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.