2016-03-14 09:58:00

Փղոսկրեայ ափունքի մէջ ահաբեկչական յարձակում


Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ կիրակի, 13 մարտին,  գործուեցաւ ահաբեկչական յարձակում մը, որուն ընթացքին զինեալներ հրացանաձգութեան թիրախ դարձուցին Ապիճանի մէջ գտնուող ճաշարաններ, որոնք լեցուն էին զբօսաշրջիկներով:

Աւելի քան 13 զինեալներու կողմէ գործուած այս յարձակումին ընթացքին վիրաւորուեցան նաեւ հինգ լիբանանցիներ:

Ապիճանի մէջ գործուած այս ահաբեկչական յարձակումէն ետք, Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ գործող լիբանանեան դեսպանատունը կոչ ուղղեց հոն ապրող լիբանանցի քաղաքացիներուն` դուրս չելլելու իրենց բնակարաններէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.