2016-03-14 10:03:00

Մոսկուան փաստեր ունի Սուրիական հողերուն վրայ թրքական ուժերու ներկայութեան վերաբերեալ


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարեց. «Մոսկուա սուրիական հողերուն վրայ թրքական ուժերու ներկայութեան շուրջ փաստեր ունի»:

Լաւրով Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ Թուրքիոյ վարմունքը նկատեց «արշաւող ընդլայնում» մը: Ան ըսաւ, որ Ռուսիա կը պնդէ, որ ՄԱԿ քիւրտերը եւս հրաւիրէ Ժընեւի մէջ միջսուրիական բանակցութիւններուն եւ թրքական փափաքներուն ենթակայ չդառնայ:

Մեկնաբանելով Սուրիոյ մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն համար քաղաք մը կառուցելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի առաջարկը` Լաւրով վերահաստատեց, որ Մոսկուա ամբողջապէս դէմ է սուրիական հողերուն վրայ որեւէ քայլի, որ առանց սուրիական կառավարութեան թոյլտուութեան է:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, որ իր երկիրը կը փափաքի Ռաքքայի ազատագրման համար Միացեալ Նահանգներու հետ համակարգում կատարել` աւելցնելով, որ Դամասկոս կը զօրակցի որեւէ համակարգումի, որ տեղի կ՛ունենայ Ռուսիոյ մասնակցութեամբ, որովհետեւ վստահ է, որ Սուրիոյ գերիշխանութիւնը պիտի չոտնահարէ:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ Փարիզի մէջ ունեցած հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց. «Մենք կը խոստովանինք, որ Սուրիոյ մէջ մագլցողական քայլեր եւ զինադուլի խախտումներ կան, սակայն կրցանք բռնարարքներու մակարդակը նուազեցնել»` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերը պէտք է յանձնառու մնան զինադուլին:

Քերրի յայտարարեց, որ վերջին երեք շաբաթներուն ընթացքին ՏԱՀԵՇ Սուրիոյ մէջ իր գրաւած հողերէն 3 հազար քիլոմեթր եւ 600 զինեալներ կորսնցուց:

Քերրի ըսաւ նաեւ, որ Իրանի կողմէ հեռահար հրթիռներու փորձարկումը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն խախտում մըն է, որովհետեւ այդ հրթիռներուն հասողութիւնը շրջանին համար սպառնալիք մըն է: Ան յայտարարեց, որ Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ պիտի հաստատուին, եթէ վերջինս շարունակէ հրթիռներու փորձարկումները:








All the contents on this site are copyrighted ©.