2016-03-14 09:22:00

Գերապայծառ Կալլակէր. ''Կրօնական ազատութիւնը աշխարհի մէջ վտանգի մէջ է'':


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար գերապայծառ Փօլ Կալլակէր, խօսք առնելով Հռոմի Աւագ Նորընծայարանի մէջ կայացած ''մեր Եկեղեցին նահատակներու Եկեղեցի է'' բնաբանով Միսիոներական կազմաւորումի ուսումնաժողովին միջազգային հասարակութենէն պահանջեց որ վճռակամ վերահաստատէ կրօնական ազատութեան իրաւունքը ու անվերապահօրէն դատապարտէ կրօնական ազատութեան պատճառաւ կատարուած խտրականութիւններն  ու անհանդուրժողութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն մէջ։

Աշխարհի մէջ ականատես ենք խտրականութեան յաւելումին, հարկաւոր է  պետութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը վերջ դնելու համար ծայրայեղութիւնը որ պտուղն է խտրական օրէնքներու ու ապօրինի զէնքի վաճառքի։  Քրիստոնեաներուն հարկաւոր է երաշխաւորել կատարեալ իրաւունք ու հաւասար արժանաւորութիւն։ Պետութիւններու պարտականութիւնն է յարգել տալ կրօնական ազատութիւնը եւ ոչ թէ սահմանափակել զայն։ Պայքարիլ աղքատութեան ու անգրագիտութեան դէմ եւ քաջալերել երկխօսութիւնը կրօններու միջեւ ապա ամէն անհատին երաշխաւորել խաղաղութիւն ու հիմնական իրաւունքներ եւ արժանապատուութիւն'' ըսաւ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղարը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.