2016-03-14 10:03:00

2015-ին Սուրիան ունեցած է 50 հազար զոհ եւ 1 միլիոն փախստական։


Սուրիոյ մէջ մարդասիրական դրութիւնը անցեալ 2015-ի ընթացքին կտրուկ վատթարացած է: Ան ամենածանր տարին եղած է սուրիական համակարտութեան պատմութեան մէջ: Այս մասին՝ ըստ panorama.am-ի՝ Մարտ 11-ին  յայտարարած է մարդասիրական 30 կազմակերպութիւններու միաւորումը:

Անոնց կողմէ ներկայացուած զեկոյցին մէջ, որ նուիրուած է սուրիական հակամարտութեան 5-րդ տարուան ամփոփումին, ըսուած է, որ վերջին 12 ամիսներու ընթացքին Սուրիոյ մէջ փախստականներուն, կարիքի մէջ եւ պաշարուած քաղաքներուն մէջ գտնուող մարդոց թիւը շեշտակիօրէն աճած է:

Մարդասիրական կազմակերպութիւնները, որոնց շարքին են «Oxfarm»-ը,«Care»-ը եւ «Save the Children»-ը, մեղադրած են սուրիական հակամարտութեան վրայ ազդող հիմնական ուժերը` ԱՄՆ-ն, Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Մեծ Բրիտանիան, որոնք աւելի կը խորացնեն մարդկային ճգնաժամը` Սուրիոյ տարածքին ռազմական գործողութիւներ իրականացնելով եւ արդիւնաւէտ քաղաքական ճնշում չգործադրելով Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերուն վրայ:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ բռնութեան մակարդակը զգալիօրէն աճած է Սուրիոյ մէջ` Ռուսիոյ կողմէ սկսած ռազմական գործողութիւններէն ետք:

Ըստ զեկոյցին` 2015-ին Սուրիոյ տարածքին զոհուած է ոչ պակաս քան 50 հազար մարդ: Համարեա 1 միլիոն սուրիացիներ հարկադրուած եղած են լքել իրենց երկիրը, եւս 1,5 միլիոն մարդ ուղղակիօրէն կախուած է մարդասիրական օգնութենէն: Աւերուած է 200 հազար շինութիւն, որ 20 տոկոսով աւելի է 2014-ի ցուցանիշէն: Յարձակման ենթարկուած են 112 հիւանդանոց եւ բուժշկական կեդրոն, որոնք 44 տոկոսով աւելի են 2014-ին արձանագրուած համանման դէպքերէն:

Այս տարի եւս 400 հազար սուրիացի երեխաներ զրկուած են դպրոց յաճախելու հնարաւորութենէն, եւ այս պահուն դպրոցական կրթութիւն ստանալու հնարաւորութենէն զրկուած սուրիացի երեխաներուն թիւը հասած է 2 միլիոնի:








All the contents on this site are copyrighted ©.