2016-03-13 10:19:00

ֆրանչիսկոս Պապը 40 հազար գրպանի Աւետարաններ կը նուիրէ


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 13 Մարտ 2016-ի կէսօրին,  Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան  աղօթքին աւարտին ֆրանչիսկոս Պապը ս﹒ Պետրոս հրապարակը գտնուող բոլոր հաւատացեալներուն կը նուիրէ ս﹒ Ղուկասի ''ողորմութեան'' Աւետարանը։

''40 հազար գրպանի Աւետարանի բաշխումը ստանձնեցին Սրբուհի Մարթայի մանկաբուժարանի կամաւորները եւ Հռոմ քաղաքի բազմաթիւ մեծ Հայրիկ ու Մայրիկներ'' յայտնած է առաքելական ողորմաբաշխ գրասենեակը մատնանշելով որ ''արդար է որ անոնք որոնք կեանքն ու կեանքի մեծագոյն ու գեղեցկագոյն արժէքը` հաւատքը հաղորդեցին իրենց զաւակներուն ու թոռնիկներուն, այժմ որպէս իմաստուններ աւետեն երկնաւոր Հօր ողորմութիւնը։ Այդ իրենց ներգործութեամբ անոնք մեզի կը հաղորդեն ամենաթանկագին ժառանգութիւնը` ''Յիսուսի Աւետարանը''։ Պէտք ենք խոստովանիլ թէ մեծ ծնողները մասնագէտներ են ողորմութեան։ Զաւակներն ու թոռնիկները անոնց օրինակէն կը սորվին ողորմութեան նշանակութիւնը'' մատնանշած է միշտ առաքելական ողորմաբաշխ գրասենեակը իր հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք որ Ս﹒ Ղուկասի ողորմութեան Աւետարանի բաշխումէն ետք, բոլոր կամաւորները կ՛ուղղուին դէպի ս﹒ Պետրոս պազիլիքա` Ողորմութեան ս﹒ Դռնէն անցնելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.