2016-03-13 10:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Աղօթեցէք ինծի համար''։


(Ռատիօ Վատիկան) Աղօթեցէք ինծի համար։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 13 մարտին հրատարակած թուիթը, ճիշտ իր Քահանայապետի ընտրութեան երրորդ տարեդարձին օրը։

''Աղօթեցէք ինծի համար'' եղած էր նաեւ Պերկոլիօ Քահանայապետին խնդրանքը` երբ առաջին անգամուան համար, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի պատշգամէն յայտնուեցաւ աշխարհին` 13 մարտ 2013-ի երեկոյեան։

''Խնդրեմ չմոռնաք աղօթել ինծի համար'' խնդրանք մը որ Ֆրանչիսկոս Պապ յաճախ, ըլլայ հանրային ըլլայ առանձնական, ըլլայ արտասանած ճառերու կամ աղօթքներու վերջաւորութեան կը կրկնէ։

''Մի մոռնաք աղօթել ինծի համար''. Աղօթքի մէջ է որ Ֆրանչիսկոս Պապ կը քաղէ այն ուժն ու կարողութիւնը յառաջ տանելու իր ծանր բայց վսեմ առաքելութիւնը` ի ծառայութիւն եկեղեցւոյ եւ ի Փառս Աստուծոյ։

Աղօթքը, ըսած է Ան բազմաթիւ առիթներով, մտերմիկ խօսակցութիւնն է Աստուծոյ հետ, Անոր հետ հանդիպման պահն է։

Աղօթքը ըլլալու է ամէն մէկ քահանայի, եպիսկոպոսի կամ նուիրեալ անձի ու քրիստոնեայի կեանքի կեդրոնը առ աւելիով Քահանայապետի մը` Սուրբ Պետրոսի այն յաջորդին  որուն տրուած է իշխանութիւնը առաջնորդելու Եկեղեցին ու հաւատացեալները դէպի խոստացուած Երկիրը, մահէն անդին` դէպի Յարութիւն... դէպի փրկութիւն, դէպի Աստուած։

Աղօթեցէք ինծի համար, այս է ահա պարզ ու համեստ խնդրանքը Քահանայապետին։ Եկէք ընդառաջենք Անոր խնդանքին եւ աղօթք բարձրացնենք առ Հայր Աստուած ըսելով  ''Ամեն հաւատացեալի  սրտից բխած, Լսիր այս ձայն, ով Աստուած. Երկար կեանք տուր Հայրապետին, Երկար օրեր սիրելի Հօր. Տէր, անսասան պահիր դու միշտ Քո իսկ հիմնած Սուրբ Աթոռ։








All the contents on this site are copyrighted ©.