2016-03-12 09:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ''ողորմութեան'' Քահանայապետութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեք տարիներ անցան Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետ ընտրուելուն։ Երեք տարիներ առաջնորդուած Աստուծոյ Ողորմութեամբ եւ որոնք օրէ օր աւելիով կը յատկանշուին որպէս Ողորմութեան Քահանայապետութիւն։

''Աստուծոյ անունը ողորմութիւնը'' կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ ողորմութիւնը ահա դարձաւ Քահանայապետութեան յատկանիշը։ Պերկոլիօ Քահանայապետի եպիսկոպոսական զինանշանի կարգախօսն ալ  ''ողորմութիւնն'' է եւ ողորմութեան է որ նորընտիր Պապը նուիրած էր իր Մարեմեան  Հրեշտակ Տեառն  առաջին աղօթքը։

''Ողորմութիւն'' բառը Քահանայապետի ամէնէն շատ գործածած բառերէն մին եղաւ այս վերջին շրջանին եւ զինք մղեց մէկ տարի առաջ հռչակելու ''բացառիկ Յոբելեան մը, որպէս կեդրոն ունենալով Աստուծոյ Ողորմութիւնը։ Ողորմութեան Սուրբ Տարի մը զոր կ՛ուզենք ապրիլ Տիրոջ խօսքերու լոյսին տակ ''Եղէք Հօր նման Ողորմած''։

''Ես համոզուած եմ որ համայն Եկեղեցին կարիքն ունի ողորմութիւնը ընկալելու'' ըսաւ այդ առթիւ Ֆրանչիսկոս  եւ ասոր համար որոշեց որ Յոբելենական Սուրբ Դռներու բացումը տեղի ունենայ ամենուրէք, սկսեալ արուարձաններէն, ուր եւ Ինք անձամբ  բացումը կատարեց առաջին Սուրբ Դրան, աշխարհի ամէնէ աղքատ նկատուած երկիրներէն ` Կեդրոնական Ափրիկէի` Պանկի մայրաքաղաքին մէջ, զայն հռչակելով ''աշխարհի հոգեւոր մայրաքաղաք'', ուր ''Ողորմութեան Սուրբ Տարին կանխաւ հասաւ'' եւ ուր ''ամէնքս կը հայցենք խաղաղութիւն, ողորմութիւն, հաշտութիւն ու սէր'' (Պանկիի սուրբ դրան բացման արարողութիւնը 29 նոյեմբեր 2015) ։

Ողորմութիւն բառը կը դառնայ Ֆրանչիսկոս Պապին ճառերուն եւ քարոզներուն ''բանալի'' բառը։ Ընտանիքներուն նայիլ Աստուծոյ ողորմած հայեացքով, հասկնալ Աստուծոյ ողորմութեան իսկական ու խոր իմաստը` սիրոյ ձրիութիւն ու ներում։  Ողորմութիւն նաեւ դիւանագիտական աշխարհէն ներս որպէս լուծում  աշխարհի մէջ տիրող հակամարտութիւններուն։

Ողորմութիւնն ու սէրը Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած միջ-եկեղեցական ու համամիութենական պատմական հանդիպումներու ընթացքին, ինչպէս եղաւ պարագան Քուպայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընդմէջ Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքին ու Ֆրանչիսկոս Պապին` ''Ես զգացի ներքին ուրախութիւն մը ` որ Տիրոջն էր''։

Այս երեք տարուայ քահանայապետութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ չզլացաւ իր ձայնը լեսլի դարձնելու  ի պաշտպանութիւն տկարին, կարիքաւորին, հարստահարուածին, աղքատին ու գաղթականին։ Դատապարտեց Պատերազմներն ու բռնութիւնները ''անիծեալ'' նկատելով անոնք որ խաղաղութեան հակառակ կը գործեն։  ''Գովեալ ըլլաս'' շրջաբերական թուղթով ի յայտ դրաւ ''Հասարակաց Տան'' դէմ  գործադրուած ոճիրը ու հրաւէր ուղղեց շուտափոյթ ուղիներ որոնելու, պատասխանատուութեան հոգիով պահպանելու համար մեզի յանձնուած արարչութիւնը։

Իր հանդիպումներուն, ճամբորդութիւններուն եւ հրապարակային ունկնդրութիւններու ու ճառերուն ընթացքին Նորին Սրբութիւն միշտ հրաւիրեց պայքարելու ''մնացորդացի'' մշակոյթի դէմ, չանտեսելու ոչ ծերունին եւ ոչ ալ մանուկը, երիտասարդներուն ապահովելու յուսալից ապագայ, յարգելու կեանքը սաղմէն մինչեւ մահ, հեռու մնալու ''կաշառակերութեան'' փորձութենէն ու աշխատանք եւ արժանապատուութիւն ապահովելու ամէն մէկ անհատի` մարդը դնելով որպէս տնտեսութեան ու աշխարհի կեդրոն եւ ոչ թէ հակառակը, եւ  ի վերջոյ Եկեղեցւոյ բարեկարգումի գործընթացը` ''Աղքատ Եկեղեցի մը աղքատներուն համար'', եկեղեցի մը բաց ամէնուն, որ գրկաբաց կ՛ընդառաջէ այն հեռացած զաւկին որ տուն կը վերադառնայ եւ որ դուրս կ՛ելլէ փնտռելու կորսուած ոչխարը։ Եկեղեցի մը որ ցոլացնէ Աւետարանի պատկերը ու գիտնայ ամէնուն ճանչցնել  Աստուծոյ սէրը հռչակելով անոր անհուն ողորմութիւնը եւ զգալի դարձնելով զայն`առօրեայ կեանքին մէջ։

Եկեղեցւոյ բարեկարգումէն անդին սակայն Քահանայապետին համար կայ աւելի վսեմ ձգտում մը`  սրտերու բարեկարգումը։ Սիրտ մը բաց, որ կարող ըլլայ ընդունիլ Աստուծոյ ողորմութիւնը։ Սիրտ մը որ ճանչնայ իր սահմանները եւ մեղաւոր վիճակը ու կը դիմէ Աստուծոյ  հայցելով ներում ու գիտակից ըլլալով թէ Աստուած հաւատարիմ է մարդուն եւ թէ մեր գործած մեղքերուն դիմաց ան գիտէ շնորհել միայն սէր....Սէր մինչեւ խաչի զոհաբերում։








All the contents on this site are copyrighted ©.