2016-03-12 09:31:00

Արամ Խաչատրեան եղած է միակ օտարը, որ պարգեւատրած է Եգիպտոսի առաջին կարգի շքանշանով


Արդէն 100 տարի անցած է քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան թուականէն, պատմութիւնը արձանագրած է 1915 թուականի հայոց մէկ ու կէս միլիոն  ջարդերը, որոնք կատարուած են թուրքերուն կողմէ, վերապրածներու բռնագաղթը դէպի անապատներ, իրենց հայրենիքի բռնագրաւումը եւ թալանումը: Այս մասին, ըստ «Հայերն այսօր»-ի, գրած է Մէքաուի Սայիտ «Էլ-Մասրի Էլ-Եաում» թերթին մէջ:

Տարօրինակ է, որ այդ ատեն իբրեւ թուրքերու տիրապետութեան ենթակայ ժողովուրդ, Միջին Արեւելքէն առաջին դատապարտող ձայնը հնչեց Եգիպտոսի մէջ «Էլ Ազհար»` իսլամական  կեդրոնէն, շէյխ Սէլիմ Էլպիշրիի կողմէ րարձակուած ֆէթուան (մուֆթիի վճիռ), որ կ’արգիլէր եւ կը զգուշացնէր ցեղասպանութիւն կատարելը։ Այս մասին նշուած է 1909 Ապրիլ 28-ին, «Էլ Մուէյէտ» թերթին մէջ:

Եգիպտոս ընդունեց բռնագաղթած հայեր, անկախ Թուրքիոյ ճնշումներէն՝ կանխելու հայերու մուտքը Եգիպտոս:  Հայերը ապրեցան եւ Եգիպտոսի ժողովուրդին հետ մաս կազմեցին բոլոր ասպարէզներուն` ըլլայ քաղաքական, թէ արուեստի։ Յիշենք հաշուապահ պարոն Կարօ Եագուպը` հայ եգիպտացին, որ ըսած է «Եգիպտոսը դրախտ է.. հաւատացէք, իրմէ գեղեցիկը չկայ»:

Հայերը եղած են հռչակաւոր արուեստագէտներ, նկարիչներ, երաժիտներ եւ դերասաններ։ Հրաշալի դեր ունեցած են երաժշտութեան ասպարէզին մէջ՝ ստեղծելով շարք մը երաժշտական խումբեր, որոնք իրենց համերգներով գրաւած են եգիպտական հասարակութիւնը, եւ որոշ չափով նպաստած արեւելեան երաժշտութեան զարգացման:

1962-ին, յայտնի հայ երաժշտահան Արամ Խաչատրեանի համերգը կը համարուի մեծ իրադարձութիւն Եգիպտոսի մէջ, յատկապէս, որ այդ շրջանի Եգիպտոսի նախագահ` Ապտուլ Նասըրը պարգեւատրած է Խաչատրեանը՝ արուեստի Առաջին Կարգի շքանշանով, որ աննախընթաց երեւոյթ է Եգիպտոսի մէջ, հաշուի առնելով, որ որեւէ օտար Եգիպտոսի կողմէ չէ պարգեւատրուած այդ մետալով:








All the contents on this site are copyrighted ©.