2016-03-12 09:42:00

Ասորի եկեղեցին կը պահանջէ որ քրիստոնեայ գաղթականները պահպանեն իրենց ինքնութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ասորի օրթոտոքս եկեղեցւոյ պատրիարք` գերերջանիկ Mar Ignatius Aprhrem Բ﹒ քառասնորդացի առթիւ հրապարակած շրջաբերականին մէջ կը խնդրէ որ Միջին Արեւելքէն դէպի Արեւմուտք գաղթած քրիստոնեաները  պահպանեն իրենց մշակոյթը, ծէսն ու լեզուն։

Ան ապա ընդգծած է թէ ''արեւելեան եկեղեցիները եւս  իրենց աւանդութիւններն ու բարքերը պէտք են պատշաճեցնել Արեւմուտքի մշակոյթին հետ։ 

Շրջաբերական թուղթին մէջ Պատրիարքը դատապարտեց հուսկ Արեւմուտքի կարգ մը պետութիւններու նեղմիտ ու ցեղապաշտ կեցուածքը հանդէպ Արեւելքէն եկած գաղթականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.