2016-03-11 08:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապը վաւերացուց սուրբերու դատի Ժողովի ինչքերու մատակարարման նոր կանոնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապը վաւերացուցած է (առ ի փորձ երեք տարուայ համար) երանացման ու սրբադասման դատերու Ժողովի ինչքերու մատակարարման նոր կանոնները,  միաժամանակ ջնջելով 1983-ին ս﹒ ՅՊԲ Պապի կողմէ վաւերացուած կանոնները։

Նոր կանոններով Սրբազան Հայրը կ՛ ուզէ այդ ժողովէն ներս աւելի թափանցիկութիւն, հաշուապահութեան կանոնաւոր հսկողութիւն եւ ծախսերու ժուժկալութիւն, միաժամանակ կը պահանջէ թեմական մասնագէտ եպիսկոպոսներու առաւել մասնակցութիւնը։

Երանացումի  կամ սրբադասումի աւարտին վարչութեան պարտականութիւնն պիտի ըլլայ մանրակրկիտ եւ յստակ  հաշիւ ներկայացնել եւ աւելցած գումարը տրամադրութեան տակ դնել Սրբադասումի ս﹒ Ժողովին որպէսզի ան իր կարգին այդ գումարը տրամադրելի դարձնէ նորաստեղծ ''զօրակցութեան'' հիմնադրամին, որ կը ծառայէ այն դատերուն որոնք ֆինանսաւորումի կարիքն ունին։








All the contents on this site are copyrighted ©.