2016-03-10 16:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարտ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) 2016-էն սկսեալ, Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները կը ներկայացուին Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամով։

Մարտ Ամսուայ ''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւնն է` ''Որպէսզի դժուարութեան մէջ ապրող ընտանիքները ընդունին անհրաժեշտ օգնութիւնները ու մանուկները կարենան աճիլ առողջ եւ շինիչ միջավայրի մէջ''։

''Ընտանիքը մարդկութեան ամենէ թանկարժէք բարիքներէն մին է, բայց մի գուցէ ամէնէն  դիւրաբեկներէն մին չէ՞'' հարց տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հաստատեց թէ ''Ընտանիքը երբ պահպանուած չէ եւ տնտեսական դժուարութեան մէջ է, առողջութեան կամ այլ պատճառներու բերումով, մանուկները կ՛աճին դժուար պարագաներու մէջ''։

Ձեր հետ եւ Յիսուսի հետ կ՛ուզեմ բաժնեկցիլ այս ամսուայ դիտաւորութիւնս ըսաւ ապա Քահանայապետը իր լսատեսողական պատգամին մէջ ու հրաւիրեց որ ''ընտանիքները որոնք դժուար կացութեան մէջ կ՛ապրին ընդունին պատշաճ օգնութիւնը եւ մանուկները կարենան աճիլ ու մեծնալ առողջ ու անդորր միջավայրերու մէջ''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.