2016-03-10 10:02:00

ԱՄՆի եպիսկոպոսները ցեղասպանութիւն կ՛ որակեն քրիստոնեաներուն կրած հալածանքները։


(Ռատիօ Վատիկան) ԱՄՆի եպիսկոպոսները  մեծարելով յիշատակը Կալկաթայի մայր Թերեզայի միաբանութեան անդամ չորս նահատակ կրօնաւորուհիներուն, որոնք անցեալ օրերուն սպաննուեցան Եամանի Ատեն քաղաքին մէջ, կը հրաւիրեն հաւատացեալները ու բարի կամք ունեցող բոլոր  մարդիկը աղօթելու զոհերուն հոգեհանգստեան համար և զօրակից ըլլալու փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան հարցին։

ԱՄՆի եպիսկոպոսները անդրադառնալով ապա Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու կրած հալածանքին կը հրաւիրեն այդ մէկը որակել  ''ցեղասպանութիւն'', տրուած ըլլալով որ այդ հալածանքը յաճախ ծրագրուած է եւ կ՛իրագործուի կրօնի եւ փոքրամասնութեան մը պատկանելիութեան պատճառաւ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.