2016-03-09 14:50:00

Հայր Լոմպարտիի ելոյթը ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան երրորդ տարեդարձին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 13 Մարտ 2016 ին կը նշուի կարդինալ Jorge Mario Bergoglio-ի` ֆրանչիսկոս Պապի` քահանայապետ ընտրուելուն երրորդ տարեդարձը։  

Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Յիսուսեան հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, այս առընչութեամբ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ ֆրանչիսկոս Պապի Քահանայապեատութեան յատկանշական երեւոյթներու մասին։

''Այն տպաւորութիւնը ունիմ, ըսաւ հայր Լոմպարտին, որ Քահանայապետի հեղինակութիւնը` որպէս մարդկայնութեան ու Եկեղեցւոյ վարդապետ, ամէն օր առ աւելիով կ`աճի։ Քահանայապետը այս տարի մեծ հեղինակութեամբ շօշափեց երկրագունդի մարդկային ու եկեղեցական զանազան հարցերը։ Ան դիմագրաւեց խաղաղութեան ու պատերազմի նիւթերը, ընկերային արդի խնդիրները համաշխարհայնացումի շրջապատէն ներս, պատշաճ պատասխաններ տալով այսօրուայ ու վաղուայ ընկերութեան հարցերուն։

Մարդկութիւնը իր կարգին  ֆրանչիսկոս Պապին կը նայի որպէս անձ մը` որ կարող է պատասխաններ տալ` մարդկութիւնը շրջապատող անապահովութիւններուն եւ վախերուն դիմաց։ Ուստի Ֆրանչսիկոս Պապը բոլորէն` հզօրէն եւ տկարէն, կը նկատուի վստահելի ռահվիրայ մը, վարդապետ մը։

Պատասխանելով Ողորմութեան Յոբելեանին մասին հարցումին, հայր Լոմպարտին ըսաւ.''Աստուծոյ սէրը կամ ողորմութիւնը հանդէպ մարդկութեան, կարելի է որակել որպէս ներկայ Պապին առաքելութեան յատկանիշը։ Ան կը հրաւիրէ մարդիկը, Քրիստոսի նման,  նիւթական ու հոգեւոր ողորմութիւն կատարելու։ Հետեւաբար կարելի է ըսել որ Ողորմութեան Յոբելենական տարին հոգեւոր առանցքը կը կազմէ ներկայ քահանայապետութեան''։

Անդրադռնալով ապա  Եկեղեցւոյ բարեկարգումներու գործընթացին հայր Լոմպարտի հաստատեց թէ. ''նոր աշխարհէն եկած ֆրանչիսկոս Պապը յատուկ կարողութիւն ունի տեսնելու եւ ընկալելու Եկեղեցւոյ բարենորոգումը ու վերատեսելու անոր վարչական կառոյցներու գործունէութիւնը ընդհանրական առաքելութեան հեռանկարով։ Հայր Լոմպարտի ապա անդրադարձ կատարեց ֆրանչիսկոս Պապին վայլած մեծ ժողովրդականութեան եւ ասով հանդերձ Անոր դէմ մղուած  քննադատութիւններուն, դիտել տալով թէ ''այս մէկը­,  կարգ մը շրջանակներու համար, բնական հակազդեցութիւն է,  քանի Քահանայապետը կը դիմագրաւէ նոր մարտահրաւէրներ, կը գտնուի նոր ստիպողականութիւններու դիմաց, աշխարհի մը մէջ որ մշտատեւ յեղաշրջումի մէջ է։ Նորութիւնը ընդհանրապէս իր հետ կը բերէ մտահոգութիւն, վախ, անապահովութիւն, կը քալենք մութ ուղիներու վրայ։ Պապը սակայն արիութեամբ կը շարժի հնազանդելով միշտ Աւետարանի հրամաններուն, Ս. Հոգւոյ ներշնչումին։ Այդ ուղղութեամբ ֆրանչիսկոս Պապը մեզ առաջնորդող ճշմարիտ, քաջ ու իրազեկ վարդապետ մըն է։ Ան Աբրահամ նահապետի նման մեզ կ`առաջնորդէ հաստատ հաւատքով ըսաւ Ս.Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը որ ելոյթին աւարտին յայտնեց թէ '' ամենէն աւելին զինք տպաւորած է` Ֆրանչիսկոս Պապին ուշադրութիւնը հանդէպ հիւանդներուն, որ կը դրսեւորուի անոր` տառատպեալներուն  ողջագուրումով, եւ որուն ընդմէջէն զգալի կը դառնայ Աստուծոյ մօտիկութիւնը ամէն անհատի նկատմամբ։ Նման ժէսթեր ու շարժուձեւեր կը խօսին համայն մարդկութեան սրտին ու բոլորը կը յուզեն։ Ասոր համար մենք խորարապէս  երախտապարտ ենք Ֆրանչիսկոս Պապին։








All the contents on this site are copyrighted ©.