2016-03-09 10:59:00

Կիներու տօնի առիթով Հայոց Պետական եւ Հոգեւոր ղեկավարութիւնը կը շնորհաւորէ Հայ կիները


Նախագահ Սարգսեան. «Ներկայիս Մեր
Երկրին Մէջ Կիները Շատ Աւելի
Մեծ Դեր Ունին, Քան Անցեալին»

«Այսօր մենք կը մեծարենք մեր կիները` մեր ընտանիքներու ջերմութեան եւ մեր հասարակութեան հասունութեան պահապանները», ըսուած է Կիներու միջազգային տօնին առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին յղած շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

«Ներկայիս մեր երկրին մէջ կիները շատ աւելի մեծ դեր ունին, քան` անցեալին», գրած է նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ուղերձին մէջ, որ հրապարակած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը: «Սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացը այս միտումը ժամանակի ընթացքին աւելի պիտի խորացնէ, անոր հիմերը արդէն դրուած են», շարունակած է նախագահը:

Նախագահ Սահակեան. «Դուք Ամէն Տեղ
Ձեր Անգնահատելի Աւանդը Կը Բերէք`
Մնալով Գեղեցիկ Ու Հմայիչ»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունով շնորհաւորական ուղերձ յղած է Կիներու միջազգային օրուան առիթով` ըսելով. «8 մարտը մեզի համար առիթ է գնահատելու եւ արժեւորելու ձեր աշխատանքը, արտայայտելու մեր խորին երախտագիտութիւնը, սէրն ու յարգանքը: Դուք միշտ մեզի հետ էք, մեր կողքին. Արցախեան ազատամարտի առաջին օրէն, երբ մեր արդարացի պահանջը կը ներկայացնէինք աշխարհին, կենաց-մահու պայքար կը մղէինք թշնամիին դէմ: Դուք ամէն տեղ ձեր անգնահատելի աւանդը կը բերէք` մնալով միշտ գեղեցիկ ու հմայիչ»:

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Հայ Կիները
Ներշնչում Եւ Զօրութիւն Կը Պարգեւեն»

Կիներու տօնին առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ.  կաթողիկոսը` յայտնելով. «Բազմադարեայ մեր պատմութեամբ վկայուած է հայ կնոջ առաքելութիւնը մեր ժողովուրդին կեանքի յառաջընթացին, հոգեւոր արժէքներու պահպանման, կրթութեան ու մշակոյթի զարգացման գործին մէջ, նաեւ` հայրենիքի պաշտպանութեան, դժուարութիւններու ու մարտահրաւէրներու դիմագրաւման մաքառումներուն մէջ: Հայ կիները աստուածսիրութեան եւ ազգասիրութեան մեծագործութիւններով, քաջութեան ու խիզախումի պանծալի օրինակներով շարունակ ներշնչում եւ զօրութիւն կը պարգեւեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն», ըսուած է ուղերձին մէջ, որ հրապարակած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը:

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայ Ժողովուրդը Հինէն Ի Վեր
Յատուկ Յարգանք Ցուցաբերած Է Ու
Կը Շարունակէ Ցուցաբերել Հայ Կնոջ Նկատմամբ»

Կիներու միջազգային օրուան առիթով իր խօսքը յղած է Մեծի Տանն Կիլիկոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը` ըսելով. «Կիներու միջազգային օրը, 8 մարտը, յիշեցում մըն է առաւել եւս շեշտելու կանանց ունեցած դերակատարութիւնը ընկերութեան կեանքին մէջ: Հայ ժողովուրդը հինէն ի վեր յատուկ յարգանք ցուցաբերած է ու կը շարունակէ ցուցաբերել հայ կնոջ նկատմամբ: Ամէն բանէ առաջ հայ կինը մեզի համար եղած է հայ մայր, այլ խօսքով` առողջ հայ ընտանիքին դաստիարակը, մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն պահապանը եւ մեր ազգային ձգտումներուն ռահվիրան: Այսօր հայ մայրը կոչուած է վերանորոգ նուիրումով պահպանելու հայ ընտանիքին սրբութիւնը: Միաժամանակ, մենք պարտաւոր ենք հայ կնոջ դերը աւելի շեշտելու մեր ազգային հաւաքական կեանքին մէջ»:

Կիներու տօնին առիթով շնորհաւորական ուղերձներ յղած են նաեւ  Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան եւ քաղաքական այլ անձնաւորութիւններ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.