2016-03-09 09:59:00

Եւրոպական Միութիւնն ու Թուրքիան ծրագիրի մը ընդհանուր սկզբունքներուն շուրջ համաձայնեցան


Եւրոպական միութիւնն ու Թուրքիան կը յայտնեն, որ Պրիւքսելի մէջ կայացած գաղթականներու ճգնաժամին նուիրուած վեհաժողովին ընթացքին ծրագիրի մը ընդհանուր սկզբունքներուն շուրջ գոյացուցին համաձայնութիւն, սակայն վերջնական որոշումը յետաձգեցին:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք ըսաւ, որ Յունաստան հասնող ապօրինի գաղթականները պիտի վերադարձուին Թուրքիա:

Թուսք ըսաւ, որ արձանագրուած յառաջդիմութիւնը կը յղէ «յստակ պատգամ մը, թէ` դէպի Եւրոպա ապօրինի գաղթի օրերը անցած են»:

Վեհաժողովէն ետք, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ Թուրքիա «քաջ որոշում տուաւ ընդունելու բոլոր ապօրինի գաղթականները… հիմնուելով այն ենթադրութեան վրայ, որ Յունաստանէն Թուրքիա վերընդունուած  իւրաքանչիւր սուրիացիի դիմաց մէկ այլ սուրիացի մը պիտի հաստատուի Եւրոպայի մէջ», սակայն նշեց, որ կարեւոր է գաղթականներու վերաբերող համաձայնութիւնը տեսնել իբրեւ մէկ թղթածրար, որուն մէջ ներառուած է Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան հարցին մէջ յառաջդիմութիւնը:

Անգարա կ՛ուզէ, որ Թուրքիա վերադարձուած իւրաքանչիւր գաղթականի դիմաց Եւրոպական միութիւնը հիւրընկալէ սուրիացի տեղահանուած մը, յաւելեալ ֆինանսաւորում տրամադրէ եւ Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան համարկման մէջ յառաջդիմութիւն արտօնէ:

Բանակցութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ 17-18 մարտին նախատեսուած Եւրոպական միութեան ժողովի կայացումը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.