2016-03-09 10:10:00

Այսօր Ժընեւի մէջ միջսուրիական բանակացութիւններ


Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի պատուիրակի բանբերը յայտարարեց, որ միջսուրիական բանակցութիւնները կը սկսին այսօր, սակայն կարգ մը պատուիրակութիւններ կրնան քանի մը օր ուշ հասնիլ Ժընեւ:

Ան նշեց, որ բանակցութիւններուն գլխաւոր հանգրուանը կը սկսի 14 մարտին:

Բանբերը նաեւ յայտնեց, որ Տէ Միսթուրա յաւելեալ հրաւէրներ չէ յղած, եւ բանակցութիւններուն մասնակցութեան պատկերը անփոփոխ է:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.