2016-03-08 09:44:00

Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան կը մասնակցին պաղեստինէն 5 երիտասարդներ։


(Ռատիօ Վատիկան) 2016-ի 25-31 Յուլիս Լեհաստանի Քրաքովիա քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ երիտասարդութեան համաշխարհային օրը որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէ եկած քրիստոնեայ երիտասարդներ։

Յանուն Հայաստանի ու Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդութեան 250 հայ երիտասարդներ կը պատրաստուին մասնակցելու  այդ միջազգային հաւաքին։

Ս﹒ Երկրի Կազայի փոքրաթիւ ժողովրդապետութիւնը իր կարգին մտադիր է 5 քրիստոնեայ երիտասարդներ ուղարկել երիտասարդներու միջազգային հաւաքին։ Ժողովրդապետին գնահատումով անոնց ներկայութիւնը պիտի հանդիսանայ յոյժ կարեւոր առիթ մը աճումի ու շփումի, ինչպէս նաեւ վկայութեան` իրենց տառապալից կեանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.