2016-03-07 09:59:00

Օրթոտոքսները կը ճանչնան Լորեթոյի Սրբավայրի Տիրամօր տունը։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ շաբաթ օր` 5 Մարտին­, Ալպանիայի­­, Վրաստանի Յունաստանի Ռումանիոյ, Ռուսիոյ եւ Սերպիայի օրթոտոքս իշխանութիւնները միատեղ գտնուեցան եւ աղօթեցին Իտալիոյ Լորեթօ քաղաքի սրբավայրի ''Տիրամօր տան'' մէջ։ Իրենց այս նախաձեռնութեամբ անոնք պաշտօնապէս ճանչցան Մարեմեան ամենահին մասունքը։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ առաքելական պատուիրակը` գերապայծառ Giovanni Tonucci։

Եւրոպայի օրթոտոքս եկեղեցւոյ ներկայութիւնը Տիրամօր տան մէջ­, ինքնին պատմական օր մըն է որովհետեւ առաջին անգամուան համար այսպիսի այցելութիւն մը կը կատարուի եւ արարողութիւն մը կը մատուցուի, նկատի առնելով որ այդ կը զուգադիպի յետ Երուսաղէմի մէջ  ֆրանչիսկոս Պապի ու Կ﹒Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքի միջեւ հանդիպումին եւ յետ Քուպայի մէջ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումին ընդմէջ ֆրանչիսկոս Պապին ու Մոսկուայի ու համայն Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքին։

Յայտնենք թէ  այս տարի կը վերակոչոի Լորեթոյի Պազիլիքայի շինութեան 7-րդ դարադարձը։ 

Վերոնշեալ արարողութիւնը գլխաւորեց Կ﹒Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան Իտալիոյ ու Մալթայի մետրապոլիտ` Զերվոս Կէննատիոս։  








All the contents on this site are copyrighted ©.