2016-03-07 11:07:00

2016-ի քահանայապետական տարեցոյցի ներկայացում։


''Ուժական եկեղեցի մը յեղաշրջող աշխարհի մը մէջ''։

(Ռատիօ Վատիկան) Լոյս տեսաւ 2016-ի քահանայապետական տարեցոյցը ինչպէս նաեւ 2014 տարուայ եկեղեցական վիճակագրութիւնը։

Տարեցոյցէն ի յայտ կու գայ որ հաստատուած են երեք նոր թեմական աթոռներ, երեք առաջնորդութիւններ, երկու էքզարքութիւններ եւ մէկ էքզարքութիւն մը դարձած է առաքելական առաջնորդութիւն։ Մինչ 2014-ի եկեղեցական վիճակագրութենէն ի յայտ կու գայ որ Կաթողիկէ Եկեղեցին երկրագունդին մէջ ունի 2.998 եկեղեցական գաւառներ։

Վերջին ինը տարիներուն` հաւատացեալներու թիւը 14,1 տոկոսով աճում արձանագրած է, մինչ աշխարհի բնակչութեան թիւը 10,8 տոկոսով աճած է։Կաթողիկէ հաւատացեալները կը ներկայացնեն աշխարհի բնակչութեան 17,8 առ հարիւրը որ կը համապատասխան է 1.272 միլիոնի։

Եթէ Եւրոպայի կաթողիկէներու թիւը կը նուազի եւ 25,2-էն կ' իջնէ 22,6-ի.­  Ափրիկէի մէջ կաթողիկէներու թիւը  13,8 տոկոսէն կը բարձրանայ 17-ի։ Մինչ կը բացայայտուի թէ ամերիկեան ցամաքամասի բնակչութեան 50 տոկոսը կաթողիկէ են եւ Ասիական ցամաքամասին մէջ կաթողիկէները կը ներկայացնեն բնակչութեան 11 առ հարիւրը։

Տարեցոյցի տուեալներու համաձայն Եպիսկոպոսներու թիւը 4.841-էն կ`անցնի 5.237-ի։ Քահանաներու թիւը (թեմական թէ կրօնաւոր) 406.411էն 415.792-ի կը հասնի։ Ապա մնայուն սարկաւագները կը հաշուեն 44.566, կրօնաւոր եղբայրները 54.559 ու կրօնաւորուհիները 683,000։ Այս բոլորը անշուշտ նեցուկ կը կանգնին եկեղեցւոյ հովուական եւ առաքելական գործունէութեան։

Ասոնց շարքին նշենք նաեւ քահանայութեան թեկնածուներու թիւը որ 114.439էն անցան 120.616-ի։ Այդ ուղղութեամբ բարձր է թիւը ժառանգաւորներուն` Ափրիկէի ու Ասիայի ցամաքամասերու մէջ։

Վերոյիշեալ տուեալներէն ի յայտ կու գայ որ Ափրիկէի ու Ասիոյ եկեղեցական երեւոյթը աճում ու կենսունակութիւն կ`արձանագրէ մինչ Եւրոպայի քրիստոնէութիւնը հետզհետէ կը կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը ու կեդրոնականութիւնը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Մինչ Ամերիկեան ցամաքամասը կը շարունակէ մնալ  կայուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.