2016-03-06 12:33:00

Ե. Կիրակի Քառասնորդաց, Դատաւորին


Փարիսեցիները հաւատացեալ հրեաներ էին։ Անոնք կը պահէին բոլոր պատուիրանները եւ աւելիով կը կատարէին իրենցմէ պահանջուածը։ Փարիսեցի բացատրութիւնը ստացած է բացասական իմաստ։ Ոչ բոլոր փարիսեցիները վատ մարդիկ էին։ Անոնցմէ շատեր հաւատացեալ, աստուածավախ եւ իմաստուն մարդիկ էին։ Պօղոս Առաքեալ ինքն ալ փարիսեցի էր, եւ այն ինչ որ կը գործէր՝ համոզումով կը կատարէր։ Սակայն Աւետարանի դրուագին մէջ, ուր փարիսեցին եւ մաքսաւորը տաճար կʼելլեն աղօթելու, փարիսեցին կը ներկայանայ իբր բացասական կերպար։

Ինչու՞ համար բացասական, եթէ ան շնորհակալութեան գեղեցիկ աղօթք մը կը կատարէր, կը ներկայանար Աստուծոյ առջեւ զերծ մեղքերէ, որոնք կը թուէ, եւ իր առաքինութիւններով, որոնցմով գոհ է։

Մինչ մաքսաւորը միայն մէկ աղօթք ունի՝ «Աստուած, ներէ ինծի՝ մեղաւորիս։» Մաքսաւորը Յիսուսի համար արդարացած կը մեկնի տաճարէն։

Փարիսեցիի եւ մաքսաւորի աղօթքներուն տարբերութիւնը մեծ է։ Թէեւ փարիսեցին գոհութեան աղօթք կը մատուցանէ, սակայն անոր աղօթքը անկատար է, որովհետեւ Աստուծոյ առջեւ կը ներկայանայ ա՛յն ինքնավստահութեամբ՝ թէ ինքն ի՛ր ճիգերով, ի՛ր բարութեամբ, իր հաւատացեալի՛ հանգամանքով բարին կը գործէ եւ չարէն հեռու կը մնայ։ Մինչ մաքսաւորին աղօթքը կատարեալ աղօթք է, որովհետեւ ան իր անձը կը յանձնէ Աստուծոյ ողորմութեան՝ առանց երկար խօսքերու։ Ան գիտակից է իր մեղսականութեան, գիտակից է՝ թէ ինքն իր ոյժերով չի կրնար բարին գործել եւ կարիքն ունի Աստուծոյ ողորմածութեան։

Աղօթքը շաղակրատութիւն չէ, կʼըսէ Յիսուս լերան քարոզին մէջ։ Աղօթքը յանձնուիլ է Աստուծոյ կամքին, ինչպէս մաքսաւորին օրինակը  մեր առջեւ կը դնէ։ «Հայր մեր»ի մէջ ալ մենք կʼաղօթենք՝ «եղիցին կամք քո»։ Աղօթքը հարատեւութիւն է, հաւատարմութիւն՝ Աստուծոյ։ «Անիրաւ Դատաւորի» առակին մէջ, Այրի կինը յանձնուած էր անարդար դատաւորի քմահաճոյքին, սակայն կը հարատեւէր իր խնդրանքին մէջ, չէր յուսալքուեր։ Աստուած քմահաճոյք չունի, Աստուած բարութիւն է, ողորմութիւն, անշահախնդրօրէն եւ առատաձեռնօրէն շնորհաբաշխ։

Մեր կեանքին մէջ հազուադէպ չէ, որ կը հանդիպինք դատաւորներու, պաշտօնեաներու, թղթակիցներու, բժիշկներու, ոստիկաններու եւ այլ անհատներու, որոնք կորսնցուցած են խիղճ եւ բարոյականութիւն։ Ինչքա՛ն դժուար է իյնալ այդպիսի անհատներու ձեռքը։ Իսկ մենք մեր կարգին պէտք է զգուշանանք, որ չըլլանք անիրաւ մեզի կամ մեր պատասխանատուութեան յանձնուած անձերու հանդէպ։

Աստուած անիրաւ չէ, Ան կʼողորմի կարօտեալին, կը լսէ անոր աղաղակը։ Եւ ոչ միայն կը լսէ, այլ, ինչպէս Յիսուս կʼըսէ՝ «Աստուած անյապաղ կերպով պիտի չլուծէ՞ արդեօք իր ծառաներու վրէժը, անոնք որոնք կʼաղաղակեն Իրեն գիշեր ու ցերեկ։ Այո՛ անոնց վրէժը պիտի լուծէ շուտով։» Աստուած Իրեն հաւատացողներուն օգնութեան պիտի հասնի, անոնց իրաւունքը պիտի պաշտպանէ։ Սուրբ Գրքի մէջ կը կարդանք Աստուծոյ խօսքը՝ «իմս է վրէժխնդրութիւնը»։

Ղուկասի Աւետարանի այս առակին մէջ Սուրբ Գրքի մեկնիչները կը նկատեն նաեւ քրիստոնեայ առաջին հասարակութեան մտահոգութիւնը, որոնք կʼապրէին Քրիստոսի երկրորդ գալստեան ակնկալութեամբ։ Այդ իմաստով, առակին վերջին մասը յորդոր մըն է յարատեւելու աղօթքի մէջ։ Այնտեղ «հաւատք» եւ «յարատեւ աղօթք» ձեւով մը կը նոյնանան – «Երբ Մարդու Որդին գայ, արդեօք աշխարհի վրայ տակաւին հաւատք պիտի գտնէ՞» կը գոչէ Յիսուս։ Այս կը նշանակէ, թէ Քրիստոսի գալստեան ակնկալութիւնը պէտք է կատարուի յարատեւ աղօթքով։ Դա նախապայմանն է, որ գալստեան օրը «Մարդու Որդին» հաւատք գտնէ աշխարհի վրայ։ Աղօթքը ոյժը աղբիւրն է հաւատքի պահպանումին համար։ Որպէսզի քրիստոնեայ հաւատացեալը կարենայ հաստատուն մնալ իր հաւատքին մէջ, ան պէտք ունի աղօթքի ոյժին, որ պէտք է կատարենք հաւատարմութեամբ, վստահութեամբ եւ համեստ ու խոնարհ սրտով՝ ինչպէս կը կատարէր մաքսաւորը՝ միշտ գիտակցելով մեր մեղսականութեան, եւ Աստուծոյ անսահման բարութեան եւ ողորմածութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.