2016-03-05 10:23:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցութիւնը Եմենի Մայր Թերեզայի քոյրերեու սպանութեան ի լուր


(Ռատիօ Վատիկան) Եմենի մէջ  Մայր Թերեզայի ''Գթութեան միսիոնարներ՝՝ միաբանութեան  խնամակալութեան յանձնուած  ծերանոցի մէջ,  ուրբաթ 3 Մարտ 2016-ին, չորս միաբանակից քոյրերու սպանութեան ի լուր, շաբաթ 5 մարտին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փարոիլին` յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, ցաւակցական գիր մը յղեց ''գթութեան միսիոնարներ՝՝ միաբանութեան, որուն մէջ յայտնեց  Ֆրանչիսկոս Պապ խորին  վիշտը՝  Ատեն քաղաքի ծերանոցի 4 մայրապետներու  եւ այլ 12 հոգիներուն սպանութեան ի լուր։ Կարդինալ Փարոլին ապա վստահեցուց թէ  Ֆրանչիսկոս Պապ  կ՝ապահովէ իր աղօթքը զոհերու հոգիներուն համար եւ  հոգեւոր մօտիկութիւն կը ցուցաբերէ զոհերու ընտանեկան պարագաներուն ինչպէս նաեւ  բռնութեան թիրախ դարձած  բոլոր վիրաւորներուն։ ։

Կարդինալ Փարոլին պատգամին մէջ  յայտնեց  նաեւ­ թէ Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած, որպէսզի սոյն անօգուտ ջարդը  խիղճերը արթնցնէ եւ սրտերը բարեփոխէ, ինչպէս նաեւ ներշնչումի աղբիւր հանդիսանայ հակամարտութեան մէջ գտնուող բոլոր կողմերուն համար, որպէսզի  հրաժարին զէնքերէն եւ որդեգրեն երկխօսութեան ուղին։

Ֆրանչիսկոս Պապ՝ յանուն Աստուծոյ կոչ կ՝ուղղէ հակամարտող կողմերուն հրաժարելու բռնարար արարքներէն եւ վերահաստատելու իրենց յանձնառումը Եմենի ժողովուրդին ի սպաս  յատկապէս անոնց որոնք կարիքն ունին օգնութեան եւ որոնց ի սպաս ծառայութիւն կը մատուցեն ՝ ''Սիրոյ Միաբանութեան՝՝ քոյրերը եւ անոնց օգնականները ։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր առաքելական օրհնութիւնը  շնորհեց բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին այս բռնութեան արարքէն, ու յատկապէս ''գթութեան միսիոնարներ'' միաբանութեան. անոնց ապահովելով իր աղօթքը համակրանքն ու զօրակցութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.