2016-03-05 09:36:00

Ցեղասպանութեան նուիրուած «Սմէն» նախագիծը Իտալիոյ «Արէնա Տի Վերոնա» ամփիթատրոնին մէջ


Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Ամէն» նախագիծը Իտալիոյ մէջ պիտի ներկայացուի Օգոստոս 15-ին եւ 16-ին: «Արմէնփրէս»-ին հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին տեղեկացուցած է Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի պալեթմայսթըր Ռուտոլֆ Խառատեան` անդրադառնալով նախորդ տարի յետաձգուած ձեռնարկին:

««Ամէն»-ը պիտի ներկայացուի Իտալիոյ «Արէնա տի Վերոնա» դահլիճին մէջ: Լաւագոյն խումբերը, բեմադրողները այդ դահլիճին մէջ վախնալով ելոյթ կ’ունենան: Նախագիծին շուրջ պիտի  հաւաքուին համաշխարհային աստղեր, կատարողներ: Ամբողջ ներկայացման մէջ կարմիր գիծով պէտք է անցնի հայոց պատմութիւնը»,-նշած է Ռուտոլֆ Խառատեան:

ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտին խօսքով` ներկայացումը ինք պիտի բեմադրէ: «Շատ պատասխանատու է` ինչպէս ներկայացնել Հայաստանը, որ ճանչնան քեզ: Մանրակրկիտ աշխատանք է: Մենք աշխարհին բան ունինք ցոյց տալու»,-շեշտած է ան` աւելցնելով, որ նախորդ տարի Վերոնայի մէջ տեխնիկական խնդիրներ  եղած են, այդ իսկ պատճառով ներկայացման անդրանիկ ելոյթը յետաձգուած է:

«Ամէն»-ը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդը, անոր ծագման, ճակատագրի պատմութիւնը: Նախագիծին նպատակն է ցոյց տալ, որ Հայաստան, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու կորուստներուն, կը շարունակէ ըլլալ ծաղկող, երջանիկ եւ ստեղծարար երկիր:

Իրադարձութեան պիտի մասնակցին Neue Philharmonie Hamburg-ը,«Հովեր» կամերային երգչախումբը, օփերայի արուեստագէտներ Յասմիկ Պապեան, Մարիօ Ֆրանգուլիս, Փլասիտօ Տոմինկօ կրտսերը, Բարսեղ Թումանեան, Ջուլիէթ Գալստեան, Ռոզի Անոյշ Սվազլեան եւ այլք:








All the contents on this site are copyrighted ©.