2016-03-04 14:17:00

Հայր Քանթալամեսսայի քառասնորդաց շրջանի երրորդ խորհրդածութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 4 մարտին,  Քահանայապետական տան քարոզիչ՝ Հայր Քանթալամեսսա, քառասնորդացի շրջանի առթիւ,  Սուրբ Աթոռի Վերին իշխանութեան տուած  երրորդ խորհրդածութեան նիւթը եղաւ ''Ս. Հոգին, գլխաւոր գործիչը աւետարանութեան''

Հայր Քանթալամեսսա յայտնեց ,թէ Փրկութեան պատմութեան մէջ Յիսուս սկսաւ իր քարոզութիւնը ''Ս. Հոգւոյ զօրութեամբ''։ Ան ինքն իր մասին  խօսելով ըսաւ ''Իմ վրաս է Տիրոջ Հոգին եւ անոր համար օծեց զիս, աղքատներու աւետարանելու ղրկեց զիս, սրտաբեկ հոգիները բժշկելու։ Իսկ վերջին ընթրիքին ինքնիր մասին ըսաւ. '' ինչպէս իմ Հայրս զիս ուղարկեց, ես ալ կ'ուղարկեմ ձեզի»։ Ապա անոնց վրայ փչեց ըսելով. «Առէ՛ք Սուրբ Հոգին''։ Անոնց պաշտօն տալով Աւետարանը քարոզելու աշխարհի չորս ծագերուն,  տուաւ նաեւ միջոցը՝ որ է Սուրբ  ''Ս. Հոգին''։

Պենտեկոստէն` Ս. Հոգւոյ գալստեան պատմուածքը, կը ծառայէ ի յայտ դնելու այդ ճշմարտութիւնը։ Ս. Հոգին կու գայ ՝եւ ահա Պետրոսը եւ այլ առաքեալները կը սկսին զանազան լեզուներով խօսիլ՝ խաչեցեալ ու յարուցեալ Քրիստոսի մասին եւ անոնց խօսքը այնքան օծուն ու զօրեղ էր , որ երեք հազար հոգիներ կը բարեփոխուին։ Առաքեալներու վրայ իջած Ս. Հոգին կը բարեփոխէ զանոնք ու կը դառնան անվեհեր քարոզիչները Աւետարանին։

Պօղոս առաքեալը իր կարգին կու գայ հաստատելու­ թէ առանց Ս. Հոգւոյ կարելի չէ հռչակել՝  թէ ''Յիսուս'' Տէրն է։ Պետրոս առաքելապետը իր առաջին ընդհանրական թուղթին մէջ կը գրէ (առաքեալները) անոնք են` որոնք Աւետարանը քարոզեցին Ս. Հոգւոյ միջոցաւ։

Քահանայապետական տան քարոզիչը` Հայր Քանդալամեսսան յայտնեց­ թէ Յիսուսի մէջ յայտնուողը եւ յայտնութիւնը կը նոյնանան։ Կերպով մը նոյնը պէտք է ըլլայ իրավիճակը Աստուծոյ խօսքը քարոզողին։ Եթէ քարոզիչը իր կեանքը բոլորովին տուած է Քրիստոսին, ան  կարող պիտի դառնայ Պօղոս առաքեալին հետ ըսելու '' Քրիստոսի հետ խաչ ելայ. կենդանի եմ՝ այսուհետեւ. բայց ոչ թէ ես, այլ իմ մէջս կ'ապրի Քրիստոս''։

Քահանայապետական տան քարոզիչը հուսկ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս մէկը կը դառնայ Աւետարանի քարոզիչը։ Եթէ ամէն կնքուած կանչուած է Աւետարանը քարոզելու, տեսնենք թէ ի՞նչ են նախապայմանները Աւետարանի ճշմարիտ քարոզիչը ըլլալու։ Նախ եւ առաջ հրաժարիլ իր ''ես''էն, որպէսզի Տէրը ըլլայ մեր կեդրոնը։ Պօղոս առաքեալը Հռոմէացիներու ուղղած թուղթին մէջ կը գրէ. '' եթէ կ'ապրինք, Տիրոջ համար կ`ապրինք. եւ եթէ մեռնինք, Տիրոջ համար կը մեռնինք։ Եւ արդ, ապրինք թէ մեռնինք, Տիրոջն կը պատկանինք։Այդ ամէնը պիտի կարենանք իրագործել ոչ միայն մեր կամքի ոյժով այլ աղօթքով` Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ ու զօրութեամբ։

Ս. Հոգին ընդունելու համար ոչ միայն աղօթքը հարկաւոր է այլ ՝ դիտաւորութեան ուղղամտութիւնը ու սէրը հանդէպ բոլոր մարդոց ու յատկապէս Յիսուսի հանդէպ։ Պէտք ենք մղուած ըլլալ Յիսուսի սէրէն։ Ուստի Աւետարանի քարոզութիւնը պէտք է ըլլայ գործի ու խօսքի ապրումով։ Թող Ս. Հոգին՝ գլխաւոր գործիչը աւետարանութեան, մեզի շնորհէ ուրախութիւն պատճառել Յիսուսին՝գործով թէ խօսքով, ապրելով Աստուծոյ խօսքը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.