2016-03-04 09:23:00

Թուրքիա պէտք է գաղթականներու Եւրոպա հոսքը Նուազեցնէ կ՛ըսէ Յունաստանի վարչապետը


Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի հետ Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Անգարա պէտք է ընդունի այն միջոցները, որոնք 7 մարտին Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա վեհաժողովին ընթացքին պիտի մշակուին Եւրոպա գաղթականներու հոսքը նուազեցնելու համար:

«Յառաջիկայ բարձր մակարդակի հանդիպումին պէտք է մշակել միջոցներ, որոնք պէտք է ընդունուին Թուրքիոյ կողմէ գաղթականներու հոսքը նուազեցնելու համար», յայտարարեց Ցիփրաս:

Ան նաեւ յայտնեց, որ 8 մարտին ինք պիտի այցելէ Իզմիր` մասնակցելու համար Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան Բարձրագոյն խորհուրդի չորրորդ նիստին:

Ցիփրաս նշեց, որ Յունաստան վեհաժողովին ընթացքին անդամ բոլոր պետութիւններէն պիտի պահանջէ յարգել եւրոպական դաշնագիրը եւ պատժամիջոցներ հաստատել բոլոր անոնց դէմ, որոնք զայն չեն յարգեր: «Կը պահանջենք դադրեցնել Եւրոպայի մէջ միակողմանի քայլերը», ըսաւ ան:

Ցիփրաս ըսաւ, որ Յունաստան պիտի շարունակէ իր կարելին ընել ապահովելու համար, որ որեւէ գաղթական անտէր չմնայ, սակայն Յունաստան առանձին չի կրնար բեռը վերցնել:

«Պիտի չարտօնենք, որ Յունաստանը կամ որեւէ այլ երկիր հոգիներու շտեմարանի վերածուի: Մենք Եւրոպայի ապագային մէջ վճռորոշ պահու առջեւ կանգնած ենք», ըսաւ ան` նշելով. «Ջանք պիտի չխնայենք գործադրելու համար Շենկենի համաձայնութիւնն ու Ժընեւի դաշնագիրը: Մարդիկ ծով պիտի չվերադարձնենք եւ մանուկներուն կեանքերը պիտի չվտանգենք»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.