2016-03-04 10:54:00

Երեւանը ներառուած է The Telegraph-ի Եւրոպայի հնագոյն 16 քաղաքներու ցանկին մէջ


Բրիտանական The Telegraph պարբերականը ուշագրաւ լոսանկարներու շարքով անդրադարձած է Եւրոպայի ամենահին 16 քաղաքներուն` իր ընթերցողներուն առաջարկելով կեանքի ընթացքին գոնէ 1 անգամ այցելել զանոնք, կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը:

Հետաքրքրական է, որ Եւրոպայի հնագոյն քաղաքներու ցանկին մէջ ներառուած է նաեւ Երեւանը, որուն մասին հեղինակաւոր աղբիւրը կը գրէ հետեւեալը.

«Հռոմի հիմնադրումէն 30 տարի առաջ Հայաստանի ներկայիս մայրաքաղաքը Ասիայէն դէպի Եւրոպա ճանապարհին կարեւոր առեւտրային կանգառ եղած է: Անիկա ենթարկուած է հռոմէացիներու, բիւզանդացիներու, պարսիկներու, արաբներու, սելճուքներու, մոնղոլներու ու թուրքերու, իսկ աւելի ուշ` 1920-ին, խորհրդային Կարմիր բանակի ներխուժումներուն:

«Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Երեւանի մէջ նկատուեցաւ մշակութային օճախներու աւելացման միտում (քաղաքը ուղղակի կ՛ապշեցնէ թանգարաններու առատութեամբ): Ինչ կը վերաբերի զբօսաշրջութեան, ապա անիկա դանդաղ, բայց հաստատուն կերպով կը զարգանայ»:

Նշենք, որ տուեալ ցանկին մէջ մեր տարածաշրջանէն ներկայացուած է 3 քաղաք` Երեւանը, վրացական  Մցխեթն ու Քութայիսին:

 Երեւանը կը գտնուի Եւրոպայի հնագոյն քաղաքներու ցանկին 16-րդ տեղը:

Քաղուած Եռագոյնէն








All the contents on this site are copyrighted ©.