2016-03-04 15:48:00

Աստուծոյ Բարերարութեան Շնորհքները


Մեր հոգեւոր մատենագրութեան գեղեցիկ երկերէն մին է Յաճախապատում Ճառեր կոչուած քարոզներու հաւաքածոն։ Այնտեղ արդէն նախապէս կարդացինք, թէ ինչպէս Աստուած մարդուն կեանք կը շնորհէ եւ բազում բարիքներ կը բաշխէ անոր։ Ապա, Աստուած «կը յայտնէ իր բարերարութեան առատապարգեւ շնորհքները։ Մտերիմ ծառաներուն կը գործակցի անոնց բարի վարքին մէջ. եւ ըստ իր սիրոյ խնամքին անոնց կրած նեղութիւնները անցաւոր ըրաւ, իսկ անոնց հանգիստը՝ անվախճան։ Այլ եւ Ինք՝ փառքի Տէրը, որ բոլոր զօրութիւններու եւ բանակներու արարիչն է եւ պարգեւիչը, ուզեց ցոյց տալ Իր աներեւոյթ սէրը մարդկութեան, որ լի էր չարչարանքով, վշտով եւ հոգնութեամբ։ Նոյն հոգիով, մտաւորը եւ բանաւորը խառնեց մարմնին, միաւորելով Աստուած Բանին մէջ, ըստ աւետարանի խօսքին, թէ ʼԲանը, մարմին եղաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ. եւ մենք անոր փառքը տեսանք, Հօրմէ ծնած Միածին Որդւոյն փառքը, լի շնորհքներով եւ ճշմարտութեամբʼ (հմմտ. Յովհ Ա. 14)»։

Յաճախապատումի հեղինակը այս հատուածին մէջ մեզի կը բացայայտէ քանի մը խորհուրդներ։ Աստուած զանազան կերպերով կը յայտնէ իր բարերարութեան առատապարգեւ շնորհքները։ Աստուած բարերար է, կատարեալ բարութիւն։ Անոր շնորհատու բարութիւնը սահման չունի եւ անդադար կը բաշխէ շնորհքները մարդ արարածին։ Աստուծոյ բարութիւնը ինքնիր մէջ փակուած իրականութիւն մը չէ։ Բարին չի կրնար սահմանափակուիլ. դա բարիի էութեան նկարագիրն է։ Ան կը ճառագայթէ եւ բարիք կը զեղու։ Սիրոյ էութիւնը բնորոշուած է կենսունակութեամբ, ստեղծագործող զօրութեամբ։ Սէրը լճացած իրականութիւն մը չէ. ան կը գործէ եւ միշտ կʼաճի։ Արդ, Աստուծոյ բարութիւնը եւ սէրը մարդ արարածին հանդէպ՝ սահման չունին։

Յիշեալ հատուածին մէջ կը կարդանք շնորհքներու բաշխումի մասին։ Անոնք որոնք բարի վարք կը ցուցաբերեն՝ Աստուած անոնց միշտ կ’օգնէ եւ շնորհքը յարատեւօրէն կʼաւելցնէ։ Պօղոս Առաքեալ Հռոմայեցիներուն ուղղուած նամակին մէջ կը գրէ՝ «Որոց սիրենն զԱստուած, յամենայնի գործակից լինի ի բարիս»։ (Հռոմ Ը. 28) Անոնք, որոնք Աստուած կը սիրեն, անոնց մօտ ամէն ինչ բարիքի կը վերածուի. ամէն ինչ բարիով կը վերջանայ։ Ապա, ծանօթ է մեզի նաեւ Յակոբոս Առաքեալի նամակէն՝ թէ ամէն բարիք Աստուծմէ կու գայ - «զի ամենայն տուրք բարիք եւ ամենայն պարգեւք կատարեալք՝ ի վերուստ են իջեալ առ ի Հօրէն լուսոյ»։ (Յակ Ա. 17) Այն անձերը, որոնք այս բարի շնորհքները եւ կատարեալ պարգեւները կʼընդունին եւ ըստ իրենց ստացած շնորհքներուն կը պտղաբերեն, անոնք աւելիով պիտի ընդուին։ Այս իրականութիւնը կը բացայայտէ մեզի նաեւ Ս. Աւետարանի տաղանդներու առակը (հմմտ. Մտթ ԻԵ. 14-30)։ Արդ Աստուած իր շնորհքը կու տայ իր հաւատարիմներուն եւ իր «սիրոյ խնամքով» կը փարատէ անոնց նեղութիւնները։ Աստուածային «սիրոյ խնամքը» թոյլ չի տար որ Իրեն հաւատարիմ հոգին երկար ժամանակ նեղութիւններ կրէ։ Նեղութիւնները կը մնան ժամանակաւոր իսկ հանգիստը՝ յաւիտենական։

Վերջապէս Աստուծոյ սիրոյն գերագոյն արտայայտութիւնը կը կատարուի Իր Որդւոյն մարմնացումով։ Յաճախապատումը կը գրէ՝ «Աստուած կʼուզէ մարդկութեան ցոյց տալ Իր աներեւոյթ սէրը»։ Ինչպէս վերը յիշեցինք, սէրը չի կրնար ծածուկ մնալ, սէրը լճացած իրականութիւնը մը չէ, սէրը դադար չունի, սէրը կը ճառագայթէ, սէրը վարակիչ է, սէրը նուիրում է, սիրոյ բնութիւնն է ըլլալ յարաճուն։ Արդ, Աստուծոյ սէրը, որ անսահման է, չէր կրնար մնալ առանց անսահման նուիրումի։ Ան, իր արտայայտութիւնը կը գտնէ Բանին, Աստուծոյ Որդւոյն մարմնացումին մէջ։ Որ մարդ արարածին կը շնորհէ փրկութիւն։ Ինչպէս շարականը կʼերգէ «ջնջել փութայր Հայրն փառաց, զգիր մեղաց մեր յանցանաց. որով զգեցաւ որդին գթած, ի վեց դարուն զմարմին մեղաց. Հօր հաճութեամբ ի մահ խաչին, եկն կամաւ ի յուրբաթին. գառն զենաւ ի հին զատկին, փոխան գառանցն օրինակին»։ Հայր Աստուած, Իր անսահման գթութեամբ եւ ողորմութեամբ կը «փութայ» փրկել մարդը եւ Իր Որդին կը մատուցանէ իբր զոհ։








All the contents on this site are copyrighted ©.