2016-03-04 10:10:00

՝՝Սուրիոյ մէջ դիւրաբեկ հրադադար ՝՝ըսաւ Հալէպի Յիսուսեան Հայր Ghassan Sahoui


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատումէն 6 օր վերջ, Սուրիոյ ժողովուրդը հիասթափուած կը ջանայ բնականոն կեանքի  վերադառնալ, այս մասին յայտնած է Յիսուսեան՝ Հայր  Ghassan Sahoui խօսելով Հալէպի իրավիճակի մասին։

Յիսուսեան Հայրը յայտնեց, թէ Հալէպ քաղաքը բաժնուած է երկու մասերու, առաջին կառավարական բանակին  հակակշիռին տակ գնուող քրիստոնեաներու թաղամասը՝ ուր ժողովուրդը աւելի խաղաղ կեանք կը վարէ։  երկրորդ ՝ ահաբեկչական խումբերու կողմէն կառավարուած շրջանը՝ ուր տակաւին ցոյցեր եւ խանգարումներ  կը տիրեն։ Հալէպ քաղաքին մէջ հակառակ , որ տակաւին ելեկտրականութիւնը  անջատուած կը մնայ եւ ջուրի պակասութիւն կայ, ժողովուրդը յոյսով լի կ՝աղօթէ որպէսզի քաղաքին մէջ վերջնականապէս խաղաղութիւն տիրէ։

Յիսուսեան հայր Ghassan Sahoui- գնահատումով Սուրիան պէտքը ունի միջազգային հասարակութեան օգնութեան ,  կլոր սեղանի շուրջ նստելու եւ երկխօսութեամբ ճամբով լուծելու  քաղաքական բոլոր հարցերը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.