2016-03-04 08:00:00

''24 ժամ Տիրոջ համար'' աղօթք եւ ապաշխարութեան խորհուրդի մատակարարում։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 4 մարտ 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 5-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Ողորմութեան Սուրբ տարուայ ծիրէն ներս նախաձեռնուած ''24 Ժամ Տիրոջ Համար'' աղօթքի օրերուն առթիւ, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ  ապաշխարութեան խորհուրդի մատակարարումի արարողութիւնը որմէ ետք երեկոյեան 9-էն սկսեալ, Հռոմի եւ աշխարհի այլ թեմերու եկեղեցիներու մէջ, սկիզբ կ՛առնեն խոստովանանքի մատակարարումի ու Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան ջերմեռանդական արարողութիւնները։ Այս առթիւ որոշ եկեղեցիներ իրենց դռները բաց կը պահեն մինչեւ ուշ գիշեր։

Շաբաթ` 5 Մարտի յետմիջօրէի ժամը 5-ին նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա, որուն նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած են վերոնշեալ աղօթքի եւ ապաշխարութեան օրերը, Հռոմի Սասսիայի Սուրբ Հոգւոյն նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ պատարագի արարողութեամբ եզրափակումը կը կատարէ ''24 ժամ Տիրոջ համար'' 2016-ի ձեռնարկին։ Նշենք թէ ձեռնարկը առաջին անգամ նշուեցաւ 2014 թուականին ''ներումը աւելի հզօր է մեղքէն'' խորագիրով, ապա 2015-ին ''Աստուած, հարուստ ողորմութեամբ'' խորագիրով, մինչ այս տարուայ բնաբանն է ''Հօր նման ողորմած''։

Քառասնորդաց շրջանի առթիւ հրապարակած ''ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ոչ զոհ'' խորագիրով  իր պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ,  մատնանշելով ''24 ժամ Տիրոջ համար'' ձեռնարկին, հրաւէր ուղղած էր այս տարուայ քառասնորդացը ապրիլ աւելի զօրեղ կերպով, փորձարկելու համար Աստուծոյ Ողորմութիւնը­, յատկապէս ուշադրութիւն դարձնելով եւ ունկնդրելով Աստուծոյ Խօսքը։

Իսկ Յոբելենական տարւոյն հռչակման առթիւ հրատարակած կոնդակին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ թելադրած էր   որ  ''24 ժամ Տիրոջ համար'' ձեռնարկը տեղի ունենայ  քառասնորդացի Դ կիրակիի նախօրեակին `ուրբաթ եւ շաբաթ օրով եւ ընդլայնուի նաեւ աշխարհի այլ թեմերուն։

''Բազմաթիւ անհատներ կը մօտենան ապաշխարանքի խորհուրդին ու անոնց շարքին նաեւ բազմաթիւ երիտասարդներ որոնք այդ խորհուրդի ընդմէջէն յաճախ կը վերագտնեն դէպի Տիրոջ դառնալու տանող ճանապարհը ու իրենց կեանքի իմաստը'' գրած էր Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ  ''ապաշխարութեան եւ հաշտութեան խորհուրդի կեդրոնականութեան միջոցաւ,­ կարելի է դպչիլ ողորմութեան մեծութեան'' ապա յանձնարարած էր  որ ''խոստովանահայրերը  իրենց բազուկներուն մէջ ընկալեն զղջացած զաւակը որ տուն կը վերադառնայ'' հրաւիրելով խոստովանահայրերը ըլլալու  միշտ եւ ամենուրէք ողորմութեան առաջնութեան նշաններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.