2016-03-03 14:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը ''կեանքի ի նպաստ''Քահանայապետական ակադեմիայի անդամներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 3  մարտի կէսօրին, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց կեանքի ի նպաստ քահանայապետական ակադեմիայի աւելի քան 150 անդամներուն, որոնք Հռոմի մէջ գումարած են իրենց տարեկան ընդհանուր ժողովը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով ժողովի կեդրոնական նիւթին՝ որ է ''առաքինութինները  կեանքի  բարոյականութեան մէջ'', յարեց թէ բարին՝ զոր մարդը  կը գործէ հաշուետուութեան եւ ռազմավարական արդիւնք մը  չէ այլ պտուղը  պատրաստակամ սրտի մը եւ  ճշմարիտ բարիին ձգտող ընտրանքին։

''Բարի գործ կատարելու համար բաւարար չեն գիտութիւնն ու ճարտարարուեստութիւնը,  այլ հարկաւոր է սրտի իմաստութիւն'' ըսաւ Ֆրանչիսկսո Պապ  մէջբերելով Սուրբ Գիրքէն հատուածներ եւ հաստատելով թէ  մարդուն մէջ բարիի կամ չարի դիտաւորութիւնները չեն բխիր արտաքինէն` այլ կը ծագին սրտէն. սրտէն կը ծնին բարի գործեր նոյնիսկ սխալ արարքներ երբ հեռու կը գտնուինք Սուրբ Հոգիին ճշմարտութիւններէն ու խորհուրդներէն ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով ժամանակակից աշխարհին կարգ մը մշակութային կողմնորոշումներուն ըսաւ թէ  անոնք , մարդուն եւ  ստեղծագործութեան եւ ճշմարտութեան  մէջ չեն ճանչնար Աստուածային իմաստութիւնը,  այսպէսով մարդը կը վերածուի լոկ նիւթականութեան,  եւ կ՝ենթարկուի որեւէ ծրագրի ձեւակերպումի։

Մեր մարդկութիւնը  Աստուծոյ համար միակ ու  թանկագին է. ասոր համար` առաջին պահպանելիք  բնութիւնը՝  պտղաբեր դարձնելու զայն, մեր նոյնինքն մարդկութիւնն է, հաստատեց Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ մարդու առաքինութիւններուն մասին նկատելով զանոնք որպէս՝ Աստուծոյ օգնութեամբ,  մարդուն՝ բարիին  ամէնէն ճշմարիտ արտայայտութիւնը։

Առաքինութիւնը պարզ սովորութիւն մը չէ,  յուզմունք չէ, եւ ոչ ալ դաստիարակուող կարողողականութիւն, այլ մարդկային ազատութեան ամէնէն բարձր արտայայտութիւնը։  Առաքինութիւնը՝ մարդուն  սրտին լաւագոյն  պարգեւն է։

Երբ  սիրտ մը  կը հեռանայ՝ Աստուծոյ Խօսքին մէջ պարունակուած բարիէն եւ ճշմարտութենէն, կ՝ենթարկուի շատ մը վտանգներու,  առաքինութիւնները կը կորսուին եւ անոնց տեղ դիւրինութեամբ  տեղ կը գրաւէ մեղքը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մէջբերելով Երեմիա Մարգարէէն խօսքեր յարեց թէ ապականուած սիրտի հետեւանքները շատ  քէշ  հետեւանքներ կ՝ունենան  ընկերային կեանքին մէջ եւ  լոկ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ է  որ կարող կը դառնանք  վերանորոգելու  մեր սիրտը՝։

Այսօր բազմաթիւ են այն հաստատութիւնները ,որոնք յանձնառու են կեանքի ի սպաս ծառայութեան մէջ՝  փնտռտուքի եւ խնամակալական միջոցներով,  անոնք կը զարգացնեն ոչ միայն բարի գործերը, այլ՝ նաեւ սէրը բարիին նկատմամբ ։

Կան նաեւ հաստատութիւններ, որոնք աւելի` մտահոգուած  են տնտեսական շահերով քան հասարակաց բարիքով յարեց Նորին Սրբութիւնը  եւ քաջալերեց համալսարանական ու առողջապահական կառոյցները իրենց կազմաւորման յայտագիրին մէջ աշակերտներուն նուիրել կարելիութիւնը` իւրացնելու սրտի եւ մտքի ընդունակութիւնները որոնք հրամայական են ընկալելու եւ խնամելու մարդկային կեանքը, անոր համարժէք արժանապատուութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատեց թէ ժամանակակից մշակոյթը տակաւին կը հաստատէ թէ մարդը պաշտպանութեան արժանի արժէք մըն է եւ զգուշացուց արդի գաղափարախօսական երեւոյթներէն, որոնք մուտք կը գործեն մարդկային մտայնութեան մէջ՝ առաքինութիւններու ձեւի տակ, սակայն կը մնան ''գաղութացումներ'' որոնք ազատութիւնը կը կաշկանդեն ու կը խուսափին Աստուծոյ ստեղծած իրականութենէն։

Հայցենք սուրբ հոգւոյն շնորհքը որպէսզի մեզ ձերբազատէ անձնասիրութենէն եւ տգիտութենէն ու Անոր մէջ նորոգուած կարենանք մտածել եւ աճիլ Աստուծոյ սրտին համաձայն, ու մարմնով եւ հոգիով տառապողին ցոյց տանք Աստուծոյ Ողորմութիւնը ըսաւ Ֆրանչիկսոս Պապ բոլոր ներկաներուն մաղթելով պտղաբեր գործունէութիւն ու անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրենց համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.