2016-03-03 09:46:00

Քեսապի մէջ պապիկներն ու մամիկները միջինք տօնեցին


Քեսապի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ եւ հրաւէրով, Չորեքշաբթի 2 Մարտ 2016-ին, համայնքի մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը տօնած են Միջինքը: Այս մասին նշած է Հայր Նարեկը՝ Facebook-ի իր էջին մէջ:

Կէսօրուան ժամը 12:30-ին, անոնք նախ այցելած են Գարատուրանի «Կեղեցիկ» ուխտատեղին, միասնաբար աղօթած են Սուրիոյ խաղաղութեան համար եւ կատարած են մոմավարութիւն, որմէ ետք ուղուած են դէպի «Ճաշարան Ճորճ»: Բարի գալուստի խօսքին մէջ Հայր Նարեկ ըսած է,- «Այս տարի ուզեցինք Միջինքը տօնել Ձեզի հետ, որպէսզի արտայայտենք մեր սէրը, յարգանքը եւ երախտագիտութիւնը: Դուք մեր եկեղեցւոյ, ձեր օճախներուն եւ ամբողջ Քեսապ գիւղին օրհնութիւնն էք: Աստուած Ձեզի պարգեւէ երկա՛ր, առողջ եւ խաղաղ տարիներ»:

Ապա իւրաքանչիւրին բաժնուած է Ս. Վարդարանը, իսկ օրուան բախտաւորները եղած են պապուկ Աւետիս Պապուճեանը եւ մեծ մայրիկ Սիւզան Քիլաղպեանը։ Անոնց նուիրուած է Աստուածամօր սրբանկարները: Միջինքի հաւաքը ճոխացուցած են Քեսապի Դաղապետ՝ եղբայր Սեպուհ Գիւրքճեանը, Եղբայր Սեւակ Պետուրեանը եւ եղբայր Վաչէ Ճղըլեանը: Անոնք իրենց նուագախումբով եւ իրենց գեղեցիկ երգեցողութեամբ խանդավարած են մթնոլորտը։ Ներկաները նոյնպէս երգած են ու պարած:

«Խորհին շնորհակալութիւն Աստուծոյ այս անմոռանալի եւ ուրախ օրուան համար, վարձքը կատար բոլորին:Օրհնաբեր «Միջինք» եւ ամէն տարի աւելի լաւ, երջանիկ եւ խաղաղ օրեր: Կեցցէ՛ սիրուն Քեսապը եւ Քեսապցիները»,- իր էջին մէջ նշած է հայր սուրբը:








All the contents on this site are copyrighted ©.