2016-03-03 15:44:00

Հայաստան տեղափոխուած են 17 հազար սուրիացիներ:


Փախստականներու ճգնաժամը արդէն շատոնց ամբողջ աշխարհի եւ մասնաւորապէս Եւրոպայի մէջ դարձած է լայն քննարկման առարկայ: Ու մինչ եւրոպական երկիրները կը համաձայնին առաջ տանիլ եւրոպական արժէքներն ու սկբունքները, համերաշխութեան ուղղուած գործողութիւններու թիւը կը նուազի: Միեւնոյն ժամանակ շատերուն համար անծանօթ Հայաստանը, որ ունի 3 միլիոն բնակիչ, կ՛ողջունէ փախստականները, որոնք կը փախչին պատերազմէն եւ բռնութիւններէն: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս խնդրին The Huffington Post-­ի մէջ անդրադարձած են Լունա Ադամեանն ու Հայկարամ Նահապետեանը:

Համաձայն ՄԱԿ-­ի փախստականներու հարցով գործակալութեան (UNHCR) տուեալներուն` սուրիական հակամարտութեան ամենասկիզբէն մինչեւ այսօր Հայաստան  տեղափոխուած են 17 հազար սուրիացիներ:

«Սուրիացի փախստականներու հոսքը յիշեցուցած է հայերուն սեփական ողբերգական պատմութիւնը, որ եւ ցոյց կու տայ այս երկրի բարոյական եւ պատմական պարտքին մասին` բանալու դռներն ու ապահով վայր առաջարկելու անոնց, որոնք փախած են պատերազմէն եւ հետապնդումներէ: Անոնց մեծ մասը այն հայերու սերունդներն են, որոնք փրկուած էին 1915 թուականին օսմանեան թուրքերու կողմէ ծրագրաւորուած Ցեղասպանութենէն եւ հաստատուած Սուրիոյ մէջ: Միւս փոքրամասնութիւնները` եզտիներն ու ասորիները, եւս ապաստան գտան Հայաստան»,- կը ­ նշեն հեղինակները:

Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛աշխատի անյետաձգելի մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու ուղղութեամբ` առաջարկելով հրատապ օգնութիւն եւ ընդելուզման նախագիծեր: Մասնաւորապէս, կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ առողջապահական ապահովագրութիւն, կրթաթոշակներ, ապաստանի եւ քաղաքացիութեան տրամադրման դիւրացուած գործընթաց: Բացի այդ, «Ընդունիր ընտանիք» նախագիծի ծիրէն ներս՝ փախստականները տեղական հայկական ընտանիքներու օգնութեամբ կը փորձեն ընդելուզուիլ Հայաստանի ընկերային, իրաւական եւ մշակութային կեանքին:

Յօդուածին հեղինակները կը փաստեն, որ ի տարբերութիւն Սուրիոյ հարեւաններ Լիբանանի, Թուրքիոյ կամ Յորդանանի` Հայաստան չէ ստացած ֆինանսական օգնութիւն, որմով պիտի իրականացնէր իր մարդասիրական օգնութիւնը: Անոնք կ՛ընդգծեն, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է Հայաստանին ֆինանսական օգնութիւն տրամադրէ, որպէսզի երկիրը կարենայ ընդունիլ եւ ընդելուզել փախստականները:

Քաղուած Եռագոյնէն








All the contents on this site are copyrighted ©.