2016-03-03 09:45:00

Աղօթքի համաշխարհային օրուայ առթիւ համամիութենական նախաձեռնութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ով որ մանուկ մը ընդունի զիս ընդունած կ՛ ըլլայ'', այս է 2016ի համաշխարհային աղօթքի օրուան նիւթը։  Նախաձեռնութիւնը սկիզբ առած է հեռաւոր 1927-ին եւ կը յիշատակուի Մարտ ամսոյն առաջին ուրբաթ օրը։ 

Այս տարի նախաձեռնութիւնը կը զուգադիպի ''24 ժամ Տիրոջ համար'' ծրագրի հետ։ Բազմաթիւ երկիրներ կը ձայնակցին այդ նախաձեռնութեան, սկսեալ Մոսկուայէն­, ուր համամիութեան աղօթքը պիտի կատարուի Լուտերական ս﹒ Պետրոս ու Պօղոս առաքելապետերու նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ։ Համամիութենական աղօթք կը կատարուի նաեւ Զուիցերիոյ, ֆրանսայի, Անգլիայի եւ աւելի քան այլ 170 երկիրներու մէջ։

Յայտնենք թէ 2016-ի աղօթքներու յայտագիրը պատրաստուած է Քուպայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.