2016-03-02 12:19:00

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալութիւնը ''Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն'' հաստատութեան։


(Ռատիօ վատիկան) Երեքշաբթի 1 Մարտ 2016-ի առաւօտեան­, Ֆրանչիսկոս Պապ, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ ընդունեց ''Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն'' Քահանայապետական իրաւասութեամբ հաստատութեան անձնակազմը ու անոնց ընկերացող` Փաքիստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ Գերապայծառ Ժոզէֆ Քութսը որ այս օրերուն հիւրն է ''Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն'' հաստատութեան եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Քրիստոնեաներու հալածանքներու ու հարստահարումի հարցին մասին կազմակերպուած զանազան ձեռնարկներուն։ 

Հանդիպումին առթիւ Քահանայապետը իր սրտագին շնորհակալութիւնը յայտնեց ''Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն'' հաստատութեան տածած աշխատանքին համար ու քաջալերեց զանոնք յարատեւելու իրենց այս յանձնառումին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.