2016-03-02 10:10:00

''Փոքրիկներու իրաւունքի բռնաբարում'' ՄԱԿի մանկական ֆոնտի ահազանգը։


(Ռատիօ Վատիկան) ՄԱԿի մանկական ֆոնտի իտալական բաժնի բանբեր` IACOMINI-ի գնահատումով բացայայտ է Եւրոպա հասած գաղթական մանուկներու իրաւունքի բռնաբարումը։ Եւրոպա հասած մանուկները հարաւէն մինչեւ հիւսիս դժուար պայմաններու մէջ կ՛ապրին։ Այդ ուղղութեամբ Եւրոպան ցոյց տուաւ իր դիւրաբեկ ըլլալը։ Մանուկները պէտք չէ ապրին մշտատեւ խռովուած վիճակի մէջ - ըսած է ան։

Եւրոպայի բոլոր այն երկիրները որոնք վաւերացուցած են մանուկներու ու անչափահասներու իրաւունքներու դաշնագիրը,  իրենց սահմանները փակելով ու պատեր բարձրացնելով  բացայայտօրէն կը բռնաբարեն ՄԱԿի մանուկներու իրաւունքի դաշնագիրը։ Իրենց օճախներէն հեռացած այդ անմեղ մանուկները արժանի չեն նման վարուելակերպին։ Դաշնագիրը բռնաբարող երկիրները կանչուած են ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը։ Այն ինչ որ կը գործադրուի անհանդուրժելի է  հաստատած է ՄԱԿի մանկական ֆոնտի իտալական բաժնի բանբերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.