2016-03-01 12:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 1 մարտի քարոզը ''Աստուած երբ ներէ կը մոռնայ մեր մեղքերը''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աստուծոյ ներողամտութիւնը այնքան մեծ է որ՝ կածես թէ Ան՝ ամէն ինչ կը մոռնայ,  Ճիշտ մեր մարդկային տրամաբանութեան հակառակ՝ որ կը շատախօսենք'' ըսաւ Ֆրանչիկոս Պապ , երեքշաբթի, 1 մարտին առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։

Ան հարց տալով թէ ինչո՜ւ մենք շատախօսութեան կը դիմենք եւ չենք մոռնար պատահածները, պատասխանեց ''որովհետեւ չ՝ունինք Ողորմած սիրտ մը՝՝։  Ֆրանչիսկոս Պապ  ակնարկեց ապա Հայր Մեր Տէրունական աղօթքին՝՝ ներէ մեր մեղքերը ինչպէս մենք կը ներենք ուրիշներուն'', հաստատելով, թէ այս երկուքը մէկը միւսին  հաւասար են եւ միասին կ՝ընթանան։  ''Եթէ՝ մենք կարող չենք ներել ինչպէս Աստուծմէ ներում կը հայցենք'' ''Աստուած արդարեւ կ՝ուզէ մեզի ներել, սակայն՝ Ան չի կրնար ներել մեզ երբ մեր  սիրտը փակ գտնէ,  եւ Անոր Ողորմութիւնը չի կրնար մուտք գործել այնտեղ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ  հրաւիրեց Տիրոջմէ խնդրել, որ օգնէ մեզի`գիտնալ մոռնալ, որովհետեւ կարելի է ներել սակայն՝  մոռնալը յաճախ կարելի չէ։

Քարոզի աւատին Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթանք յայտնեց որ Քառասնորդաց շրջանը մեր սիրտերը պատրաստէ ՝ ստանալու համար Աստուծոյ ներողամտութիւնը, ապա նոյնը կատարելու ուրիշներուն՝ այսինքն  ''սրտանց ներել'' որպէսզի կարենանք մօտենալ Աստուծոյ պատկանաող այդ վեհանձն իրողութեան որ է Ողորմութիւնը։ Եւ ներեելով մեր սիրտը կը բանանք, որպէսզի Աստուծոյ ողորմութիւնը մուտք գործէ ու մեզ ներէ։   Որովհետեւ ամէնքս կարիքը ունինք ներումին,։ Ներենք ու պիտի ներուի մեզի։

Ողորմած ըլլանք ուրիշներուն հանդէպ, ու մենք պիտի կարենանք զգալ Աստուծոյ այն ողորմածութիւնը որ երբ ներէ ամէն ինչ կը մոռնայ յարեց, Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր քարոզը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.