2016-03-01 09:40:00

Վատիկանի մէջ ընչազուրկերուն յատկացուած դարմանատուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Զօրավիգ բուժում` կազմակերպութիւնը երախտապարտութիւն յայտնած է  ֆրանչիսկոս Պապին որ ուզած է անգամ մը եւս ողորմութեան դրական նշան մը տալ­, Վատիկանի մէջ բանալով դարմանատուն մը­, ընչազուրկներու եւ անօճախներու համար։

''Մեր բժիշկները Վատիկանի ու Թոր Վերկաթա  բազմաբուժարանի հետ միասին յօժարակամ ընդունեցան դարմանել անօճախներն ու թափառաշրջիկները­, որոնք Քրիստոնէութեան սիրտն ենʺ յայտարարեց Lucia Ercoli  ''զօրավիգ բժշկութիւն'' ընկերակցութեան տնօրինուին։

Սիրով ընդառաջեցինք պապական ողորմնաբաշխ կեդրոնի կոչին, բժշկական այցելութիւն կատարել ու խնամատարութիւնը ապահովել ընչազուրկ անհատներու, ըսաւ Ան ընդգծելով որ Ս﹒ Պետրոսի մօտ հաստատուած դարմանատունը պիտի հանդիսանայ ողորմութեան եւ յոյսի մեծ նշան մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.