2016-02-29 14:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Ապունա Մաթթիաս Պատրիարքին հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 29 փետրուար 2016-ին առաւօտուն, Վատիկանին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց Եթովպիայի Թեւահետօ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք Գերերջանիկ Ապունա Մաթթիասը։

Այս առթիւ անոր ուղղած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ուրախութիւնը յայտնեց սոյն հանդիղումին համար նկատելով զայն  որպէս Աստուծմէ շնորհք մը, ապա Պատրիարքին միջոցաւ  իր ողջոյնները փոխանցեց  Եթովպիայի օրթոտոքս եկեղեցւոյ համայն կղերականներուն  ու հաւատացեալներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ,  Պատրիարքին հետ   հանդիպումը համարեց եղբայրական կապերու ամրապնդում որ սկիզբ առած էին անոր նախորդներուն հետ ու  երախտագիտութեամբ յիշեց՝ 1993-ին, Ապունա Պօղոս՝ երբեմնի  Պատրիարքին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի տուած այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ  26 Յունիս  2009-ին,  Պենետիկտոս Քահանայապետին տուած այցելութիւնը։

Սրբազան Հայր ապա  իր  խնդակցութիւնը յայտնեց Թեւահետօ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ ՝    Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային խառն յանձնախումբին հետ համագործակցելու համար  ընդգծելով,   թէ 2004-էն ի վեր, Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ Արեւելեան Օրթոտոքս եկեղեցիները միասնաբար փորձ կը կատարեն խորացնելու  համար իրենց  միջեւ գոյացած հաղորդութիւնը՝ Աստուածաբանական միջազգային խառն յանձնախումբին միջոցաւ   եւ այս լոյսին ներքեւ յայտնաբերուած է՝ թէ  երկու եկեղեցիներու միջեւ՝ գրեթէ ամէն ինչ հասարակաց պատկանելիութիւն է՝. Մէկ հաւատք, Մէկ մկրտութիւն, Մէկ Տէր եւ Մէկ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոս։ Բոլորը միացած  Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդով, վանական եւ ծիսական հարուստ աւանդութիւններով։

Ինչ որ մեզ կը միացնէ աւելի մեծ է քան ինչ որ մեզ կը բաժնէ հաստատեց Ֆրանչսկսո Պապ ապա մէջբերեց Պօղոս  Առաքեալի Կորնթացիներու ուղղած  խօսքերէն հետեւեալ հատուածը (1 Cor 12,26). ՝՝Եթէ մարմնի անդամ մը  ցաւի  բոլորը անդամները միասնաբար կը ցաւին՝՝  ու ընդգծեց թէ Միասնաբար  ապրուած չարչարանքները՝ այնպէս մը ըրաւ , որ տարբեր տեսակէտեր ունեցող եկեղեցիներ աւելիով միանան իրարու ։

Այնպէս ինչպէս  Եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանին, մարտիրոսներու արիւնը  դարձաւ սերմը առաջին քրիստոնեաներուն., այսօր եւս  բոլոր եկեղեցիներու պատկան նահատակներու  թափած արիւնը կը դառնայ սերմը Քրիստոնեաներու միութեան ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ բոլոր աւանդութիւններու մարտիրոսներն ու սուրբերը Մի են քրիստոսի մէջ եւ թէ ''մարտիրոսներու համամիութիւնը'' հրաւէր մըն է է ուղղուած մեզի միասնաբար ընթանալու դէպի լիակատար միութիւն։

Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ Թեւահետօ եկեղեցւոյ կրած հալածանքներուն Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ ու կոչ ուղղեց այդ շրջաններու կառավարիչներուն զարգացնելու խաղաղ համակեցութեան մշկայոթը հիմթուած փոխադարձ յարգանքի եւ հաշտութեան վրայ։ Ան ապա անդրադարձաւ Եթովպիայի տածած մեծ ջանքերուն բարելաւելու բնակչութեան կեանքի պայմանները ու կառուցելու աւելի արդար ընկերութիւն մը ու մատնանշեց այս ծիրէն ներս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տրամադրութեան Օրթոտոքս Թեւահետօ Եկեղեցւոյ համագործակցելու ի սպաս հասարակաց բարիքին եւ արարչագործութեան պահպանումին։

Խօսքին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ յոյս յայտնեց, որ սոյն հանդիպումէն սկիզբ առնէ  եկեղեցիներու միջեւ եղբայրական ու բարեկամական նոր ժամանակաշրջան մը, հակառակ պատմութեան թողած`  ցաւալի անհասկացողութիւններուն եւ անվստահութիւններուն,  որոնց համար  ներողութիւն ու ամոքում  կը հայցենք  Աստուծմէ։

Աղօթենք մէկը միւսին համար հայցելով մարտիրոսներուն եւ  բոլոր սուրբերուն հովանին։ Թող Սուրբ Հոգին շարունակէ լուսաւորել ու առաջնորդել մեզ դէպի հաշտութիւն եւ խախաղուղութիւն, մեր մէջ հրահրելով յոյսը թէ օր մը. Աստուծոյ օգնութեամբ, միացած պիտի ըլլանք Քրիստոսի զոհաբերումի սեղանին շուրջ, Սուրբ Հաղորդութեան լիութեան մէջ։

Ֆրանչիսմոս Պապ ապա Թեւահետօ Եկեղեցւոյ աւանդական աղօթք մը բարձրացուց առ Աստուածամայր, Ողորմութեան Մայր ու հայցեց Ամենազօր Աստուածամօր  օրհնութիւնները Պտարիարքին անոր Եթովպիայի Թեւահետօ Եկեղեցւոյ սիրալիր ժողովուրդին ի սպաս ծառայութեան համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.