2016-02-29 15:01:00

Ֆրանչիկոս Պապի 29 փետրուարի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Աստուծոյ Փրկութիւնը յառաջ չի գար մեծ բաներէն՝ իշխանութիւններէն կամ դրամէն, այլ փոքրիկ եւ համեստ իրողութիւններէն, այս եղաւ Ֆանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի երկուշաբթի 29 փետրուարին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։

Մեկնաբանելով օրուայ Սուրբ Գրային ընթերցումը, Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ  Աստուծոյ ծրագիրը չի համապատասխաներ մարդոց մտածումներուն, որոնք կը սպասէին որ փրկութիւնը իրականան մեծ գործերու միջոցաւ այլ փոքրիկ բաներու միջոցաւ։   Յիսուս արդարեւ կ՝առաջարկէ Փրկութեան ուղին, պարունակուած Մատթէոս Աւետարանի 25-րդ գլխուն մէջ եւ որոնք կը կազմեն երկու սիւներ` ՝Երանութիւններն ու Վերջին դատաստանը ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  քարոզին աւարտին հրաւիրեց կարդալ վերոնեշալ Աւետարանական հատուածները հայցելով շնորհքը հասկնալու փրկութեան ճանապարհը. որ կը գտնուի ''Խաչի խելագարութեան'' մէջ այսնինքն Աստուծոյ Որդոյն  փոքրիկ ըլլալուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.