2016-02-29 09:34:00

Մոկերինի. «Ղարաբաղեան տագնապի լուծումը Եւրոպական Միութեան առաջնահերթութիւններէն է»


«Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծումը Եւրոպական Միութեան գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն է», Պաքու կատարելիք այցելութենէն երկու օր առաջ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինի:

«Անցեալ տարի «տագնապի գօտիին մէջ» խաղաղ բնակչութեան դէմ ծանր սպառազինութիւն կիրարկուած է: Ներկայիս անկայունութիւնը երկու կողմերուն վրայ ալ սուղ է: Իսկ խաղաղութիւնը կարելիութիւն պիտի տար բանալու սահմանները, պիտի նպաստէր կապերու եւ առեւտուրի զարգացման: Խաղաղութիւնը ձեր շրջանը պիտի դարձնէր Ասիոյ եւ Եւրոպայի բարգաւաճող դարպաս», ըսած է Մոկերինի եւ աւելցուցած. «Վերջապէս, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները պէտք է կամք դրսեւորեն` մօտեցնելով խաղաղութեան հաստատման պահը»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.