2016-02-29 12:05:00

ՄԱԿ-ը մարդասիրական օգնութիւն պիտի ուղարկէ մօտ 1 միլիոն 700 հազար Սուրիացիներու


ՄԱԿ-ը կը ծրագրէ յառաջիկայ 5 օրուայ ընթացքին մարդասիրական օգնութիւն հասցնել աւելի քան 150 հազար սուրիացիներու, որոնք կ՛ապրին երկրի պաշարուած Մուատամիա, այնուհետեւ՝ Զապատանի, Քֆրայա, Ֆուա, Մատայա շրջաններուն մէջ, իսկ մինչ Մարտի վերջը, BBC-ի փոխանցմամբ, ՄԱԿ-ը պատրաստ է օգնելու շուրջ 1 միլիոն 700 հազար սուրիացիներու:

Փետրուար 27-ին Սուրիոյ կառավարական բանակի եւ ընդդիմադիր զինուած խմբաւորումներու միջեւ դադրած են ռազմական գործողութիւնները: Ու թէեւ կը հաղորդուի, որ երկրին մէջ իրավիճակը շատ աւելի լաւ է, Մոսկուայի դէմ մեղադրանքները կը շարունակուին:

Ի դէպ, հրադադարը չի վերաբերիր Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ անոնց դէմ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուի:

Իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ ԱՄՆ ԱԳ նախարարպ Ճոն Քերի հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին եւս մէկ անգամ քննարկած են Սուրիոյ մէջ հրադադարի պահպանման հարցը:








All the contents on this site are copyrighted ©.