2016-02-28 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 28 Փետրուարի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 28 փետրուար 2016-ի կէսօրին աւանդութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ամէն օր դժբախտաբար, տեղեկատուական միջոցները գէշ լուրեր կը հաղորդեն. մարդասպանութիւն, արկածներ, աղէտներ…այսօրուայ Աւետարանական հատուածին մէջ Յիսուս կը մատնանշէ այդ ժամանակուայ երկու աղէտալի դէպքերու` առաջինը Հռովմէացի զինուորներու կողմէ գալիլեացիներու դէմ  գործադրուած սպանդը ու երկրորդ Սելովամի աշտարակի փլատակներու տակ մահացած տասնութ հոգիները (Ղուկ. 13, 1-15)

Յիսուս, ըսաւ Քահանայապետը, լաւապէս կը ճանչնայ զինք ունկնդրողները ու գիտակից է թէ անոնք սխալ ըմբռնումով կը մեկնաբանեն պատահածները։ Անոնք արդարեւ կը մտածեն թէ այս մարդիկը մեռան որովհետեւ սխալ մը գործած էին եւ Աստուած զանոնք ուզեց պատժել մինչ անոնք որոնց կեանքը խնայուեցաւ իրենք զիրենք ''արդար'' կը համարէին։

Յիսուս կը մերժէ այս տեսակէտը որովհետեւ Աստուած թոյլ չի տար ողբերգութիւններու իրականացումը պատժելու համար մեղքերը, ու կը հրաւիրէ այս ցաւալի իրականութենէն դաս մը  քաղելու որովհետեւ ամէնքս մեղաւորներ ենք եւ իր շուրջ եղողներուն կ՛ըսէ ''եթէ չ՛ապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք''

Այսօր եւս, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ի տես ողբերգական ու դժբախտ իրադարձութիւններուն փորձութիւնը կ՛ունենանք զոհերու վրայ բեռնաթափելու պատասխանատուութիւնը, սակայն Աւետարանը մեզ կը հրաւիրէ խորապէս մտածելու ու մեր սրտերը ու մեր ընթացքը փոխելու, հրաժարելով չարէն եւ կեղծաւորութենէն ու յանձն առնելու Աւետարանական ուղեւորութիւնը։

Մեզմէ իւրաքանչիւրս կը նմանի այն թզենիին որ տարիներ ամբողջ պտղաբեր եղած էր ու բախտաւորութիւնն ունինք որ Յիսուս` նման է այն հողագործին որ անսահման համբերութեամբ անպտուղ թզենիին համար կ՛ընդունի երկարաձգում. ''Տէր թող զայն այս տարին ալ, մինչեւ որ անոր շուրջը փորեմ, աղբ դնեմ։ Թերեւս յետագային պտուղ տայ, ապա թէ ոչ տարի մը ետք կը կտրես զայն''։  

Շնորհքի տարի մը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, մեր կեանքին համար ժամանակ` յատկանշուած շարք մը պահքերու շրջաններով, որոնք մեզի կը շնորհուին որպէս առիթներ ապաշխարութեան եւ փրկութեան։ ''Արդարեւ երբեք ուշ չէ դարձի գալու­, այս մէկը սակայն հրատապ է, հիմա է'', յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը ու հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզի թիկունք կանգնի, բանալու համար մեր սիրտը Աստուծոյ շնորհքին ու անոր ողորմութեան, ու մեզի օգնէ ուրիշները չդատելու­ այլ առօրեայ դժբախտութիւններէն մղուած լուրջ խղճի քննութիւն մը կատարելու եւ ապաշխարելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.