2016-02-28 12:20:00

''Կոչ ի սպաս գաղթականներու ընկալումին եւ խաղաղութեան''


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 28 փետրուար 2016-ի կէսօրին աւանդութեան  իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին­, ողջունելով  հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց ի սպաս գաղթականներու ընկալումին եւ խաղաղութեան ըսելով.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, իմ ու անպայման ձեր աղօթքը, միշտ աչքի առջեւ ունի փախստականներու ողբերգութիւնը որոնք կը փախչին պատերազմներէն ու տմարդկային այլ իրականութիւններէն։ Յատկապէս Յունաստանը ու այլ երկիրներ առաջնահերթ գիծի վրայ վեհանձն օգնութիւն կը մատուցանեն անոնց,  այս մէկը սակայն կարիքն ունի բոլոր ազգերու համագործակցութեան։ Նորին Սրբութիւնը ապա այս հարցին որպէս համախմբային պատասխան  թելադրեց ''հաւասար կերպով բաժնել ծանրութիւնները'' ու  հրաւիրեց ''վճռաբար դիմելու բանակցութիւններուն''։

Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց թէ ''մեծ յոյսով ընկալեց Սուրիոյ մէջ զինադուլի լուրը'' եւ հրաւիրեց բոլոր հաւատացեալները ''աղօթելու` որպէսզի այս հնարաւորութիւնը կարենայ սփոփանք ըլլալ տառապող բնակչութեան ու ճամբան բանայ երկխօսութեան եւ այնքան ցանկացուած խաղաղութեան''։

Սրբազան Հայրը ապա իր մօտիկութիւնը յայտնեց Ֆիժի կղզիներու բնակիչներուն որոնք թիրախ եղան աւերիչ ոլորապտոյտ ահեղ մրրիկի մը հուսկ ողջունեց հրապարակը համախմբուած զանազան ուխտաւորները ու անոնցմէ հրաժեշտ առնելով  մաղթեց ''բարի կիրակի'' խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.