2016-02-28 10:09:00

Դ. Կիրակի Քառասնորդաց, Տնտեսին


Մեծ Պահքի չորրորդ Կիրակին կոչուած է «Տնտեսի»։ Օրուան խորհրդածութեան նիւթն է հաւատացեալ քրիստոնեայի աշխարհի հետ ունեցած յարաբերութիւնը, նիւթի եւ նիւթական ստացուածքներու տնօրինումը։

Յիսուս իր քարոզութեան մէջ մեզի չսորվեցուց, որ այս աշխարհի վրայ փակ աչքերով ընթանանք, ձեռնածալ նստինք եւ կամ ընդհանրապէս աշխարհի անցուդարձներուն հանդէպ անտարբեր մնանք։ Աստուած, որ աշխարհ կու գայ, կը մարդանայ, արհեստ մը կը սորվի, չի քարոզեր կեանք մը, ուր անհատը դուրս մնայ աշխարէն։

Եթէ նկատի առնենք Նոր Կտակարանի Լերան Քարոզը, Յիսուսի առակներն ու յորդորները, պիտի նկատենք, թէ Յիսուս մեզի կոչ կʼուղղէ աշխարհը փոխակերպելու, իբր Քրիստոնեաներ քալելու լոյսի մէջ եւ ըլլալու լոյս, աղ եւ թթխմոր աշխարհի համար։

Քրիստոնեաները, որ պէտք է ըլլան Աւետարանի վկաները, պէտք է իրենց մասնակցութիւնը բերեն որեւէ բանի մէջ, որ կը ծառայէ հասարակաց բարիքին։

Յիսուս կʼակնկալէ, որ Սուրբ Աւետարանի «Տնտեսի առակի» գլխաւոր դերակատարին նման, մենք ալ՝ իբր «լոյսի որդիներ», ըլլանք «ճարպիկ»։ Այս ճարպիկութիւնը խաբելու մէջ չի կայանար, այլ՝ գիտակցիլ Աստուծոյ պարգեւած բարիքներուն եւ զանոնք տնտեսել իմաստութեամբ եւ խոհեմութեամբ։

Յիսուսի վարդապետութիւնը փիլիսոփայական դպրոց մը չէ, որ որոշ ապրելակերպ մը կը կարգաւորէ, այլ խոր անհատական ապրում մըն է Աստուծոյ հետ։ Աստուած փիլիսոփայական դրոյթ մը չէ, որ փաստարկումներու ենթարկենք. բնութեան մէկ ոյժը չէ, զոր քննարկենք եւ հպատակեցնենք։ Դժբախտաբար իրականութիւն է, որ երբեմն Աստուած կը նուազեցնենք փիլիսոփայական կամ գիտական իրականութիւններու, ինչպէս ցոյց կու տան մեզի պատմութիւնը եւ կամ որոշ քրիստոնեաներու համոզումները, վարքն ու բարքը։ Յիսուս կը յայտնէ զԱստուած իբր անձ, իբր Հայր։ Յիսուս նոյնիսկ կը յորդորէ որ նմանինք Աստուծոյ – «եղէք կատարեալ ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է։» Յիսուս կը յայտնէ մեզի զԱստուած, զոր պէտք է սիրենք։ Աստուած ճանչնալու համար պէտք է Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն ունենանք՝ աղօթքով, առաքինի վարքով եւ առաքինի գործերով։ Միայն սիրոյ իրականութեան մէջ կրնանք զԱստուած ճանչնալ։

Յիսուսի վարդապետութիւնը այլընտրանք մը չէ, զոր կրնանք որդեգրել այլ վարդապետութիւններու կարգին։ Անոր վարդապետութիւնը ունի ճշմարտութեան եւ բացարձակութեան յաւակնութիւն։ Սխալ է հանդուրժողականութեան պատրուակով մեր հաւատքէն հեռանալ եւ կամ վարդապետութիւնը խեղաթիւրել ըստ կամաց, եւ կամ զայն մերժել իբր ժամանակավրէպ, եւ կամ ուրիշ՝ այսպէս կոչուած «ճշմարտութիւններու» հետ խառնել զայն։ Յիսուսի վարդապետութիւնը պէտք է ապրիլ հետեւողականութեամբ եւ ոչ զայն նուազեցնելով պարզապէս բարեկեցիկ կեանքի տարբերակի մը։

Պօղոս Առաքեալ կը յորդորէ «վերանորոգուեցէք հոգիով՝ փոխելով ձեր մտածելակերպը, եղէք նոր մարդ՝ ստեղծուած Աստուծոյ պատկերին համաձայն, եւ ճշմարիտ կեանքը ապրեցէք արդարութեամբ եւ սրբութեամբ ... Մի տրտմեցնէք Աստուծոյ Սուրբ Հոգին, որուն կնիքը կը կրէք փրկութեան օրուան հասնելու համար։» (Եփես Դ. 23)

Յատկապէս Մեծ Պահքի այս շրջանին այժմէական է առաքեալի յորդորը, որ «նորոգուինք»։ Մեր կեանքը նորոգենք, վերադառնալով Աստուծոյ հետ մեր ունեցած անխաթար յարաբերութեան, որուն արժանացանք Սուրբ Մկրտութեամբ։ Այս նորոգումը մեզմէ կը պահանջէ ճիգ ու եռանդ։ Առաքեալը դարձեալ կը յորդորէ՝ «ձեր եռանդին մէջ վեհերոտ մի ըլլաք, հրահրուեցէք հոգիով եւ ծառայեցէք Աստուծոյ։» (Հռոմ ԺԲ. 11) Իսկ Սուրբ Դրոշմի խորհուրդով, Սուրբ Հոգւոյն կնիքը կը կրենք մեր հոգւոյն վրայ։ Հետեւաբար պէտք չէ «տրտմեցնել Սուրբ Հոգին»։ Սրբութեան ճանապարհին վրայ ընթանալ՝ կը նշանակէ յարատեւօրէն եւ արթնութեամբ խուսափիլ մեղքերէ, որոնց հետեւանքները ծանր կրնան կշռել հաւատացեալին համար, ինչպէս կը հաստատէ Պօղոս Առաքեալ։

Արդ, պէտք է քրիստոնեայ հաւատացեալը աշխուժութեամբ եւ եռանդով կատարէ իրեն յանձնուած առաքելութիւնը։ Սակայն որքան ալ գիտելիքներ իւրացնենք եւ կամ գործունեայ կեանք ունենանք, եթէ մեր դիտաւորութիւնները եւ մեր արարքները Քրիստոսի մէջ չեն խարսխուած, ամէն ինչ պիտի մնայ ապարդիւն։

Վերջապէս Այսօրուան Աւետարանը մեզ կը զգուշացնէ՝ որ չդառնանք ստրուկ մամոնայի, մեր կեանքը մամոնայով չառաջնորդուի եւ չպայմանաւորուի։ Մամոնան ժամանակաւոր է. ան բացարձակապէս նշանակութիւն չունի մարդ արարածի յաւիտենական փրկութեան համար։ Յիսուս կը զգուշացնէ, որ կեանքը երկրորդական եւ աննշան բաներու վրայ չկառուցենք, յոյսը անոնց վրայ չդնենք, որովհետեւ վերջիվերջոյ այդ կարծեցեալ հիմերը պիտի խախտին եւ պիտի կործանին։ Միայն Աստուած է մեր կեանքի ամուր հիմը։








All the contents on this site are copyrighted ©.