2016-02-27 11:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ անակնկալ այցելութիւն տուաւ թմրամոլներու դարմանումի կեդրոնի մը


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 26 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Ողորմութեան յոբելինական Սուրբ Տարուայ ողորմութեան՝՝ ուրբաթներ՝՝ ծրագրի ծիրէն ներս , անակնկալ այցելութիւն տուաւ, Հռոմի արուարձանները գտնուող Քասթելկանտոլֆօ գիւղաքաղաքի ՝՝Ceis՝ Իտալական զօրակցութեան կեդրոն՝՝ Սան Քարլօ անուամբ հասարակութեան, ուր խնամք կը ստանան թմրամոլութենէ տառապող երիտասարդներ։  Վերոնշեալ  կեդրոնատեղիին հիմնադիրն է  է Հայր Մարիօ Փիքքի։

Նորին Սրբութեան  անակնկալ այցելութեան մասին՝ Ռատիօ Վատիկանի վկայութիւններ տուաւ կեդրոնին Տնօրէն՝ Տիար Րոպերթօ Մինէօն,   յայտնելով թէ  Ֆրանիչկսո Պապ  կեդրոնի երիտասարդներուն հանդիպած է մինչ՝ անոնք  իրենց առօրեայ գործունէութիւններուն մէջ կը գտնուէին եւ անակնկալօրէն  ականատես եղան  սպիտակ զգեստով՝  ինքնաշարժէ  իջնող մարդու մը։

Ֆրանչիսկոս Պապի  հանդիումը շատ ուրախալի եւ յուզիչ համդիպում մը հանդիսացաւ՝ ուր Սրբազան  հայրը երկու ժամ մնացած է երիտասադներուն հետ անոնց հետ զրուցելով, կատակելով եւ խրատներ ու աւետարանական պատգամներ  փոխանցելով անոնց։

Ան քաջալերած է երիտասարդները յառաջ ընթանալու եւ կամքի տէր դառնալու, որպէսզի կարենան  փոխել իրենց կեանքի ընթացքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա ''փիցցայի'' նախընթրիքն ալ կատարած է երիտասարդներուն հետ։

Կեդրոնին տնօրէնը  յայտնեց թէ երիտասարդները նախապէս նամակով  մը հրաւէր ուղղած էին  Ֆրանչիսկոս Պապին՝ այցելու իրենց կեդրոնատեղին եւ լսելու անոր  պատգամներն ու խրատները։








All the contents on this site are copyrighted ©.