2016-02-27 14:28:00

Քիրիլ Պատրիարքին համար քրիստոնէութեան վերազարթնումը Ռուսիոյ մէջ հրաշքի համազօր է ։


(Ռատիօ Վատիկան) Մոսկուայի ու համայն Ռուսիոյ պատրիարք` Քիրիլի գնահատումով  քրիստոնէութեան վերազարթնումը Ռուսիոյ մէջ հրաշքի համազօր է։ 1990էն ասդին­,­ տասնեակ տարիներու աստուածամերժ վարչաձեւի տիրապետութնէն ետք։ "Russia Today" հեռուստատեսիլի կայանին հետ ունեցած ելոյթով Պատրիարքը յայտնեց թէ  ''քրիստոնէութեան վերազարթնումը կը նշմարուի Ռուսիոյ ընկերութեան բոլոր խաւերուն մէջ­, հարուստն ու աղքատը, մտաւորականն ու տգէտը, կապ կը պահեն եկեղեցւոյ հետ։ Պատրիարքը  անգամ մը եւս Միջին Արեւելքի կացութիւնը որակեց  ''ողբերգական''։ Ամէնքս կանչուած ենք վերջ դնելու քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած  հալածանքին ու հակազդելու զանոնք իրենց հողերէն հեռացնելու քաղաքականութեան  ըսաւ Քիրիլ պատրիարքը որուն գնահատումով  ''ծայրայեղ մահմետականները լոկ ահաբեկիչներ են'' ու թէ հարկաւոր է դիմել ոյժի­ քանի անոնք կը կործանեն քրիստոնեայ գիւղերը, եկեղեցիները­, վանքերը ու պատմական հնութիւնները։

Պտարիարքը ապա կոչ ուղղած է որպէսզի   Ռուսիան, ԱՄՆը ու Արեւմտեան Եւրոպան վերջ դնեն պատերազմին այնպէս որ Սուրիան եւ Իրաքը կարողանան խաղաղութեամբ ու համերաշխութեամբ ապրիլ ու այդ երկիրներու բոլոր ժողովուրդներուն երաշխաւորուի կրօնական ազատութիւնը։ ''Եթէ այդ իրականանայ վստահ եմ որ բոլոր գաղթականները ետ տուն կը վերադառնան'' ըսած է Պատրիարքը ընդգծելով նաեւ հարկաւորութիւնը կանխարգիլելու արդի ընկերութեան ապա-քրիստոնէացումը բոլոր քրիստոնեաներու միացեալ ներգործութեամբ։

Խօսելով Ռուսիա-ԱՄՆ յարաբերութիւններու մասին Քիրիլ պատրիարքը ըսաւ որ ԱՄՆ-ի բնակչութեան մեծ մասը քրիստոնեաներ են,  նոյն արժէքները կը ճանչնան­, կը պատկանին քրիստոնեայ Ընտանիքին, ասիկա բաւարար է իրարու միջեւ կամուրջներ շինելու համար­, փոխանակ գոյացող փոսերը ընդլայնելու։ Ուստի հարկաւոր է ամէն ջանք թափել արգիլելու պատերազմը, երկու մեծ պետութիւններու միջեւ։

Արտայայտուելով ապա ֆրաչիսկոս Պապին հետ ունեցած հանդիպումի մասին, քուպայի մէջ, Քիրիլ Պատրիարքը ըսաւ. երկու մեծ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու հանդիպումը յոյժ կարեւոր եղաւ։ Ժամանակը հնչեց միեւնոյն լեզուն խօսելու ու համոզուած ենք որ կարելի է հասնիլ հասարակաց պատասխան մը տալու։ Պատրիարքը ընդգծեց որ ''երկուքս նոյն համոզումը ունինք։ Խորապէս համոզուած եմ որ իմ հանդիպումս Սրբազան Քահանայապետին հետ բարեբեր ու նպաստաւոր եղաւ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.