2016-02-27 08:51:00

Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուեցաւ Սուրիոյ մէջ զինադուլի համաձայնութիւնը


Ուրբաթ 26 փետրուար 2016-ի կէս գիշերին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուեցաւ Սուրիոյ մէջ զինադուլ հաստատելու համաձայնութիւնը:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն իր բոլոր ջանքերը պիտի գործադրէ Սուրիոյ մէջ զինադուլ ապահովելու համար, սակայն նշեց, որ ինք պատրանքներ չունի զինադուլի վերաբերեալ:

Օպամա Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստէն ետք յայտարարեց. «Մեզմէ ոչ ոք ինքզինք չի սփոփեր պատրանքներով: Մենք կը գիտակցինք, որ գոյութիւն ունին բազմաթիւ ընդյատակեայ փոսեր, թերահաւատութեան պատճառներ, պատմութիւնը մեզի պիտի չներէ, եթէ մենք չկատարենք մեր աշխատանքը, որպէսզի դիւանագիտական ջանքերով վերջ դնենք ահաւոր տագնապին»: Ան նշեց, որ զինադուլը պիտի նպաստէ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու մակարդակի նուազեցման եւ մարդասիրական օժանդակութեան ճամբայ բանալու:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերը խիստ կարեւոր պիտի ըլլան համաձայնութիւններու իրագործման համար: Ան յորդորեց դադրեցնել Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւնները, ներառեալ` օդային հարուածները: «Ատիկա պիտի ըլլայ իւրատեսակ ստուգում մը, թէ բոլոր կողմերը որքանո՛վ պատրաստ են ճգնաժամի քաղաքական լուծման բանակցութիւններուն», յայտարարեց Օպամա:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ ընդգծեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ զինուորական գործողութիւնները: «Ես կ՛ուզեմ կատարելապէս յստակ ըսել, որ ՏԱՀԵՇ-ի նկատմամբ ոչ մէկ զինադուլ պիտի ըլլայ»:

Օպամա դարձեալ ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմը պիտի չաւարտի, այնքան ատեն որ տակաւին Դամասկոսի մէջ իշխանութեան գլուխ կը մնայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ` աւելցնելով, որ այդ հարցին շուրջ «Էական տարակարծութիւններ»-ը կը յամենան Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Իրանի եւ շրջանային քանի մը այլ դերակատարներու միջեւ:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ իր կարգին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հոլովոյթը պիտի ըլլայ դժուար, սակայն այլընտրանքը գոյութիւն չունի: Ան ընդգծեց, որ երէկ կէսգիշերին ընթացք առած զինադուլը ահաբեկիչները պիտի չներառէ:

Նշենք, որ Քրեմլին երէկ յայտարարեց. «Զինադուլի յայտարարութենէն ետք, Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ մեր գործողութիւնները պիտի շարունակուին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.